Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Հայաստանի դեսպանին հանդիպումը Ֆրանսայի ողիմպիական խաղերու պատուիրակին հետ

Յուլիս 17-ին, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ողիմպիական եւ հաշմանդամներու մրցախաղերու (Paralympiques) միջգերատեսչական պատուիրակ, 2030-ին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք ձմեռնային ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ղեկավար Փիէր-Անթուան Մոլինայի հետ։

Կողմերը անդրադարձած են Երեւանի մէջ 2027 Յուլիս 23-էն Օգոստոս 1 կայանալիք Ֆրանսախօսութեան 10-րդ մարզամշակութային խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Այս համածիրին մէջ դեսպանը ընդգծած է խաղերը Հայաստանի մէջ հիւրընկալելու կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ֆրանսախօսութեան մշակոյթի եւ արժէքներու տարածման ու ֆրանսերէն լեզուի զարգացման նպաստող կարեւոր ձեռնարկ մը։ Միեւնոյն ատեն ան վերահաստատած է խաղերը լաւագոյնս կազմակերպելու Հայաստանի յանձնառութիւնը եւ  Ֆրանսայի ու միջազգային գործընկերներու հետ այս նպատակով գործակցելու փափաքը։

Պարոն Մոլինա իր կարգին վերահաստատած է խաղերու նախապատրաստութեան աշխատանքներուն Հայաստանին օժանդակելու պատրաստակամութիւնը եւ կիսած 2024-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիական խաղերու կազմակերպման ֆրանսական փորձառութիւնը։