Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Ազնաւուր» հիմնադրամին յանձնուած են 300 թանգարանային իրեր

Յուլիս 18-ին, «Ազնաւուր» հիմնադրամին յանձնուած եւ ապագային թանգարանային ցուցադրութիւններ կազմակերպելու համար նուիրատուութեան կարգով ի պահ տրուած են Շառլ Ազնաւուրի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող աւելի քան 300 թանգարանային արժէքներ՝ ձայնասկաւառակներ, բնօրինակ լուսանկարներ, ամսագրեր, արուեստագէտին մասնակցութեամբ նկարահանուած շուրջ 30 ֆիլմերու բնօրինակ ազդագրեր, բացիկներ եւ այլ նիւթեր, որոնք անցեալ տարի ցուցադրուած էին «Քեզի համար, Շառլ» խորագիրը կրող առժամեայ ցուցադրութեան ընթացքին։ Լուրը կը հաղորդէ պատմական գիտութիւններու դոկտ. Հայկ Դեմոյեան։

“Հազարաւոր այցելուներ առիթը ունեցան ծանօթանալու Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած այդ ցուցադրութեան, որ կարելի եղաւ Ռալֆ Եիրիկեանի մասնակցութեամբ ու գործուն աջակցութեամբ: Մեր միասնական ջանքերով տարբեր աղբիւրներէ ձեռք բերուած այս բացառիկ հաւաքածոն Յուլիս 18-ին պաշտօնապէս յանձնուեցաւ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրին”,– նշած է Դեմոյեան: