Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ – Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ընդունած է ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի մասնակիցները

 

Յուլիս 20-ին,  Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի մասնակիցները՝ ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեանի։

Հանդիպումին՝ Յովսէփ Տէր-Գէորգեան, հայցելով Ամենայն հայոց հայրապետի օրհնութիւնը՝ ընդգծած է, թէ այս տարուան բանակումը կ՚իրականացուի «Պիտի վերադառնանք» կարգախօսով, որ կարեւոր ուղերձ մըն է՝ վերադառնալու մեր արմատներուն ու մեր հոգեւոր-ազգային արժէքներուն։

Այնուհետեւ Կաթողիկոսը օրհնելով ներկաները, գնահատած է բանակումին պատասխանատուներուն աշխատանքը՝ տարբեր երկիրներէ հայորդիները հայրենիքին մէջ պարբերաբար համախմբելնուն համար, որ լաւագոյն առիթն է հզօրացնելու անոնց ազգային-հոգեւոր նկարագիրը եւ նուիրումը առ հայրենին։

Վեհափառ հայրապետը խօսելով ազգային ինքնութիւնը անխաթար պահելու եւ հոգեւոր արժէքներով առաջնորդուելու հրամայականին մասին, ընդգծած է, թէ հայրենիքին հանդէպ անսակարկ սիրով ու ազգային նկարագրով երիտասարդն է հայրենիքին ամրութիւնը եւ ազգին յարատեւութիւնը։

Անդրադառնալով Արցախի բռնագրաւման, հայրենազրկուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ազերպայճանի մէջ ցարդ բանտարկուած հայ գերիներու վերադարձին, Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն ու երկրին մէջ տիրող դժուարին կացութեան՝ Կաթողիկոսը կարեւորութեամբ ընդգծած է ազգային միաբանութիւնը՝ ի սէր հայրենիքին եւ յանուն համազգային շահերուն ու առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։

Աւարտին, Գարեգին Բ. մաղթած է, որ ազգասիրութեան զօրեղ ոգին ու կամքը միշտ ուղեկից ըլլան հայ երիտասարդներուն՝ համընդհանուր ճիգերով պաշտպանելու հայրենիքին անվտանգութիւնը, մեր ժողովուրդին խաղաղ ու բարօր կեանքը։