Յուլիս 15–19, Փորթուկալի Փորթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Santa Cecilia» պատանի դաշնակահարներու միջազգային մրցոյթին (Santa Cecilia International Junior Piano Competition) մասնացած Էդուարդ Գէորգեան հանդիսացած է երրորդ։
Պատանի Էդուարդի այս նուաճումը ոչ միայն տարիներու նուիրումի ու երաժշտութեան հանդէպ անմնացորդ սիրոյ արդիւնք է, այլեւ ապացոյց այն հարուստ ներուժին, որ ան կը տանի իր հետ դէպի նոր բարձունքներ։
Հայ դաշնակահարը վերջերս ընդունուած է Աւստրիոյ Սալցպուրկ քաղաքի աշխարհահռչակ «Mozarteum» համալսարանը (հիմնադրուած 1841-ին, Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթի անունով), որ նոր փուլի մը սկիզբն է անոր կրթութեան եւ ստեղծագործական ճամբուն վրայ։
Տաղանդաւոր դաշնակահարին մասնակցութիւնը սոյն մրցոյթին կարելի եղած է «Երաժշտութիւն յանուն ապագայի» եւ «Յովնանեան» հիմնադրամներուն աջակցութեամբ, որոնց շնորհիւ հայ պատանին անգամ մը եւս ներկայացած է միջազգային բեմին վրայ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։