Երեւանի «Չայքովսքի» երաժշտական դպրոցի 2-րդ դասարանի աշակերտուհի Անի Մելիքեան արժանացած է «Grand Prize Virtuoso» միջազգային երաժշտական մրցոյթի առաջին մրցանակին։
Մրցոյթը տեղի ունեցած է Մոցարթի ծննդավայր Սալցպուրկ քաղաքին մէջ, Յուլիս 17–18։
Փոքրիկ Անին մրցոյթին կատարած է հայ ժամանակակից երգահան Արամ Սաթեանի «Պարքառոլա» (Barkarola) ստեղծագործութիւնը։
“Որոշեցինք եւրոպացի հանդիսատեսին ներկայացնել հայ ժամանակակից երաժիշտին գործը՝ ցոյց տալու համար որ հայկական դասական երաժշտութիւնը կը շարունակէ ծաղկիլ ու զարգանալ”,– «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին յայտնած է Անիի ուսուցչուհին՝ Իրինա Գրիգորեան։
Ութամեայ հայ դաշնակահարուհին ցարդ բազմաթիւ մրցանակներ շահած է միջազգային մրցոյթներուն՝ Ֆրանսա, Սպանիա, Նետերլանտներ, Իտալիա, Սերպիա, Լեհաստան, Մեծն Բրիտանիա եւ Հայաստան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։