Ամերիկեան Forbes ամսագիրը վերջերս հրապարակած իր յօդուածին մէջ հետեւեալ հարցումը կ՚ուղղէ. «Կրնա՞յ արդեօք Հայաստանի տարածքի 43 քիլոմեթրնոց հատուածը դառնալ Միացեալ Նահանգներու այն խորամանկ հնարքը, որ պիտի հարուածէ թէ՛ Մոսկուան եւ թէ՛ Թեհրանը», ընդգծելով թէ «Զանգեզուրի միջանցքը հարիւր տարի վարձելու ամերիկեան խիզախ առաջարկը, մէկ կողմէ կրնայ նպաստել միջազգային առեւտուրի ծաւալը՝ 50-էն 100 միլիառ տոլար ընդարձակելու, միւս կողմէ՝ պատճառ դառնալ Կովկասի մէջ պաղ պատերազմի նոր փուլ հրահրելու»։
Forbes-ի այս հրապարակման հեղինակը թրքական ծագում ունեցող բրիտանացի վերլուծաբան Կիւնէյ Եըլտըզն է, որուն համոզումով՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման ամերիկեան ծրագիրը կրնայ փոխել ուժերու ոչ միայն տարածաշրջանային, այլեւ ընդհանուր դասաւորումը։
«Զանգեզուրի միջանցքին՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն անցնող եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող 43 քիլոմեթրնոց ճանապարհին վերաբերող իր յաւակնոտ առաջարկով Ուաշինկթըն կը փորձէ դուրս ելլել տասնամեակներու փակուղիէն, նուազեցնել Եւրոպայի կախուածութիւնը ռուսական ուժանիւթէն, ինչպէս նաեւ հակակշիռ հանդիսանալ Մոսկուայի, Փեքինի եւ Թեհրանի ազդեցութեան՝ այս կարեւորագոյն տարանցիկ տարածաշրջանին մէջ»,– կը գրէ Forbes-ի յօդուածագիրը։
Ան կը յիշեցնէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին փոխքարտուղար Ճէյմզ Օ’Պրայընի հետեւեալ խօսքերը.«Տարածաշրջանային անվտանգութեան հիմնական դերակատարներ հանդիսացող Ռուսաստանի եւ Իրանի շուրջ կառուցուող ապագան անկայուն է եւ ոչ-ցանկալի նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի կառավարութիւններուն համար»։
Forbes-ի յօդուածագիրը նաեւ կը նշէ, թէ տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ու յատուկ բանագնաց Լուիս Պոնօն էր, որ առաջադրած էր հաղորդակցութեան ուղիներու միջազգային վերահսկողութեան գաղափարը, «հիմնուելով Փանամայի ջրանցքի եւ պաղ պատերազմի տարիներուն գոյութիւն ունեցած Պերլինի միջանցքի նախադէպերուն վրայ»։
Ըստ Forbes-ի՝ սակայն, ամերիկեան առաջարկը կեանքի կոչելու հարցին մէջ առկայ գլխաւոր խոչընդոտը կողմերու հակասութիւններն են։ «Ազերպայճան անխոչընդոտ միջանցք կը պահանջէ՝ որպէս 2023 թուականի իր ռազմական յաղթանակէն բխող արտօնութիւն։ Հայաստան կտրականապէս կը մերժէ իր ինքնիշխանութիւնը զիջիլ այդ տարածքին նկատմամբ։ «Վարձակալութեան» ամերիկեան առաջարկը ընկերակցական (corporatif) իրաւունքի չափանիշերու կիրարկումի հնարամիտ փորձ մըն է, որու պարագային Պաքուի պիտի տրամադրուին անվտանգութեան երաշխիքներ, միաժամանակ թոյլ տալով, որ Երեւան պահպանէ իր անուանական ինքնիշխանութիւնը [այդ տարածքին նկատմամբ]»,– կը գրէ ամերիկեան հանդէսը։
«Եթէ յաջողութեամբ պսակուի միջանցքի ստեղծման նախագիծը, այդ արմատապէս պիտի փոխէ տարածաշրջանէն ներս ուժերու հաւասարակշռութիւնը»,– կը պնդէ Կիւնէյ Եըլտըզ՝ բացատրելով. «Իրան կրնայ կորսնցնել իր տարանցիկ դերակատարութեան 20-էն 30 տոկոսը, երբ իրենց գրեթէ “անայլընտրանքային” դիրքը կորսնցնեն ներկայի կարեւորագոյն առեւտրային ուղիները, որոնցմով տարեկան 43 հազար թրքական բեռնակառքեր կ’անցնին դէպի Կեդրոնական Ասիա: Ռուսաստան, իր կարգին, կրնայ տարեկան 10-էն 20 միլիառ տոլար կորուստ ունենալ, իսկ եւրոպական շուկային նկատմամբ Մոսկուայի ունեցած ուժանիւթային լծակները կրնան նոյնպէս նուազիլ 10-15 տոկոսով»:
Եըլտըզ, սակայն, հարկ կը համարէ յատկապէս ընդգծել, թէ «Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծման հեռանկարները տակաւին բաւական մշուշոտ են: Ուաշինկթընի մէջ գործող Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնի գնահատումով՝ յաջողութեան հաւանականութիւնը 40-էն 50 տոկոս է նոյնիսկ ՄԱԿ-ի տրամադրած երաշխիքներու առկայութեան պարագային:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։