Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանութեան խումբին կրնան միանալ աշխարհահռչակ իրաւաբաններ Ճեֆրի Ռոպերթսըն եւ Ամալ Գլունի

Crédit photo © JEAN-CHRISTOPHE BOTT/EPA/REX/SHUTTERSTOCK.

Աւստրալիացի-բրիտանացի նշանաւոր իրաւաբան-գիտնական Ճեֆրի Ռոպերթսըն իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է գործարար Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ կիրարկուած «չափազանց խիստ քրէական դատավարական միջոցներ»-ուն առնչութեամբ՝ ընդգծելով անոր ներկայացուած մեղադրանքին քաղաքական ենթահողը: Լուրը հաղորդած է Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանութեան խորհուրդը:

Ռոպերթսընի գնահատումով՝ նախաքննութեան փուլին բանտարկութեան կիրարկումը, որ ուղեկցուած է իրաւասու մարմիններու ներկայացուցած թոյլ եւ անբաւարար հիմնաւորումներով, դատարաններու կայացուցած չպատճառաբանուած որոշումներով, հակոտնեայ է իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքին եւ միջազգային իրաւունքով նախատեսուած երաշխիքներուն:

Իրաւաբան Ռոպերթսըն ներկայիս կը դիտարկէ Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանութեամբ զբաղող իրաւաբաններու միջազգային խումբին միանալու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ներկայացուող դիմումներուն աջակցելու կարելիութիւնը:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ (ՄԻԵԱ) ներկայացուցչութեան հետագայ փուլերուն կրնայ պաշտօնապէս դիտարկուիլ նաեւ տիկին Ամալ Գլունիի ներգրաւումը սոյն գործընթացին:

Ճեֆրի Ռոպերթսըն Doughty Street Chambers ընկերութեան հիմնադիր-ղեկավարն է: Անցեալին ինք Ամալ Գլունիի հետ ներկայացուցած է Հայաստանի շահերը Ցեղասպանութեան ժխտման առնչուող գործին մէջ: Ճեֆրի Ռոպերթսըն յայտնի է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած իր մեծ նուիրուածութեամբ:

Խմբագրական