Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Վահան ծ. վարդապետ Օհանեան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է շուրջ 32.000 միաւոր փաստաթուղթ, զորս ան հաւաքած է իր երկարամեայ գիտական, հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան ընթացին։
Նիւթերը կ՚ընդգրկեն ամերիկեան, բրիտանական թերթերէ յօդուածներ եւ Ֆրանսայի Նանթ քաղաքի արխիւին մէջ պահպանուած դիւանագիտական փաստաթուղթեր՝ Հայոց ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս Հայկական հարցին առնչութեամբ:
Այս արժէքաւոր հաւաքածոն կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանայ հետագայ ուսումնասիրութիւններու, յատկապէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան հետազօտման համար։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։