Պոլսոյահայ մամուլը որպէս աղբիւր նշելով տեղական լրասփիւռները՝ կը գրեն, թէ Թունճելիի նահանգապետարանը արգիլած է երեք խումբերու մասնակցութիւնը Մունզուրի փառատօնին: Անոնցմէ մէկն է հայաստանեան «Վերադարձ» համոյթը:
Նահանգապետարանը այդ արգելքը դրած է վերջին վայրկեանին, հակառակ անոր որ այս խումբերը նախորդ տարիներուն հրաւիրուած էին փառատօնին:
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, «Վերադարձ»-ի ելոյթի արգելքը բացատրուած է հետեւեալ պատճառաբանութեամբ. «“Վերադարձ” խումբը 2019-ին մասնակցելով Մունզուրի մշակոյթի ու բնութեան փառատօնին, ծածանած է հայկական դրօշը, ելոյթը շեղելով իր բուն նպատակէն»: Ինչ կը վերաբերի միւս երկու խումբերուն, անոնց մասին ալ պնդումներ կան որ «ահաբեկչական քարոզչութիւն» կը ծաւալեն:
Նահանգապետարանը նշած է, որ եթէ այս խումբերը մասնակցին քաղաքի կեդրոնին կամ այլ շրջաններու մէջ կազմակերպուելիք միջոցառումներուն, ահաբեկչական եւ ծայրայեղական խմբակներ կրնան անկարգութիւններ ստեղծել կամ գրգռիչ յարձակումներ գործել:
«Վերադարձ»-ի անդամները, որոնք ճամբայ ելած էին Երեւանէն եւ հասած էին Վան, արգելքին պատճառով ճամբուն կէսէն վերադարձած են տուն:
Ծագումով քիւրտ-զազա թուրք երաժիշտ Միքայիլ Արլան տեղի ունեցածին մլասին հետեւեալ գրառումը կատարած է ընկերային ցանցերու մէջ. «Թունճելիի նահանգապետարանը արգիլեց “Վերադարձ” ժողովրդական համոյթի ելոյթը: Խումբը որ ճամբայ ելած էր Երեւանէն, արգելքի պատճառով ստիպուեցաւ ետ վերադառնալ Վանէն: Տեսանիւթէն յայտնի կը դառնայ որ խումբը Տերսիմի ճամբուն վրայ կ՚երգէ աշուղ Ռենչպէր Ազիզի երգերէն մին: Խումբի անդամներէն մէկը, նկարիչ Ալեքսանդր Աւետիսեան կը պատրաստուէր ինծի նուիրելու իր հեղինակած Սեյիտ Ռըզայի դիմանկարը: Թէեւ նահանգապետարանը անգամ մը եւս կը խոչընդոտէ լեզուներու, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միահիւսումը, բայց եւ այնպէս մենք պիտի շարունակենք բարեկամութեան կամուրջներ կառուցանել մեր դարաւոր դրացիներուն, մեր եղբայր ժողովուրդին՝ հայերու հետ: Ճնշումները չեն կրնար արգելք հանդիսանալ վստահութեան կամուրջներու կառուցման»:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։