Յուլիս 25-ին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի այցելած է Գեղարքունիւքի մարզի շարք մը բնակավայրեր եւ ծանօթացած իրագործուող զանազան ծրագրերուն։
Ծաղկունք գիւղին մէջ դեսպանը այցելած է տեղւոյն բժշկական կեդրոնը, որ վերանորոգուած է ֆրանսական «Բժշկական օգնութիւն եւ զարգացում» կազմակերպութեան կողմէ, Կրընոպլի քաղաքապետութեան եւ Գեղարքունիքի մարզպետութեան աջակցութեամբ։
Խաչաղբիւր գիւղին մէջ պարոն Տըքոթինյի հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ներգաղթի եւ համարկումի գրասենեակին (OFII) աջակցութեամբ արտագաղթի փորձով Ֆրանսա մեկնած ու հոնկէ կամաւոր հայրենիք վերադարձած հայերուն, որոնք գիւղին մէջ սկսած են զբաղիլ գիւղատնտեսութեամբ։
Դեսպանը նաեւ ներկայ գտնուած եւ մօտէն ծանօթացած է «Սեւան սթարթափ Սամմիթ 2025»-ի աշխատանքներուն, ուր 50 երկիրներէ համախմբուած են 15.000 մասնակիցներ, ներկայացնելու 250 առցանց ձեռնարկութիւններ (Start-up)։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։