Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – Ալթայի միջազգային համաժողովին ներկայացուած է Հայաստանի կենսաբազմազանութեան եւ բնապահական զբօսաշրջութեան ներուժը

Ռուսաստանի Դաշնակցութեան Ալթայի Հանրապետութեան մէջ գումարուած «Բնութեան եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան նուիրուած միջազգային համաժողով»-ի շրջանակէն ներս, Հայաստանի Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներու (ԲՅՊՏ) եւ կենսաբազմազանութեան քաղաքականութեան վարչութեան պետ Ոսկեհատ Գրիգորեան ներկայացուցած է Հայաստանի բնաշխարհն ու բնապահական զբօսաշրջութեան կարելիութիւնները։

Գրիգորեան իր խօսքին մէջ շեշտած է, թէ Հայաստան կը գտնուի աշխարհի երկու կարեւոր տարածաշրջաններու խաչմերուկին, որոնք կը համարուին կենսաբազմազանութեան համաշխարհային «տաք» կէտեր։

“Մեր փոքրիկ, բայց հարուստ երկիրը ունի շուրջ 3.800 բուսատեսակ եւ աւելի քան 17.000 կենդանատեսակ, որոնց զգալի մասը եզակի եւ հազուագիւտ է։ Բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքները կը գրաւեն Հայաստանի տարածքի աւելի քան 13%-ը՝ ներառելով 3 արգելոց (réserve naturelle), 4 ազգային զբօսայգի (parc), 27 պետական արգելավայր (բնութեան յատուկ պահպանուող տարածք) եւ 233 բնութեան յուշարձան”,– նշած է ան՝ աւելցնելով, թէ բնապահ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան կրնայ առաջարկել ամէն ինչ՝ պտոյտներ, թռչնադիտարկումներ, լեռնային մարզաձեւեր, ջրային արկածախնդրական շրջապտոյտներ, հեծանիւի երթուղիներ, գիւղական զբօսաշրջութիւն եւ բնապահութեան յատուկ կրթական ծրագրեր։

Ոսսկեհատ Գրիգորեան առանձնացուցած է Խոսրովի եւ Շիկահողի արգելոցները, Դիլիջանի ազգային զբօսայգին եւ Սեւանայ լիճը՝ որպէս բնապահական զբօսաշրջութեան առանցքային ուղղութիւններ։

“Կենսաբազմազանութեան պահպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան հետեւողականօրէն կ՚իրականացնէ ծրագրեր՝ օրէնքներու ու ենթաօրէնսդրական տրամադրութիւններու բարեփոխումներ, կենդանատեսակներու մնայուն դիտարկում, ինչպէս՝ կովկասեան ընձառիւծի, քարայծի եւ հայկական մուֆլոնի (անդրկովկասեան լեռնային ոչխար), ազնուացեղ եղջերուի եւ Սեւանի Իշխան ձուկի պաշարներու վերականգնման նախագծեր”,– ընդգծած է ան, իր գործընկերները հրաւիրելով Հայաստան՝ COP17-ի համաժողովին, միասնաբար զարկ տալու համաշխարհային կենսաբազմազանութեան ռազմավարութիւններուն։

Խմբագրական