Երեքշաբթի, Յուլիս 22-ին, Ազգային ժողովի «Հանրապետականներ»-ու խումբի նախագահ ՝ Լոռան Վոքիէ եւ երեսփոխան Ալեքսանտրա Մարթէն ներկայացուցած են եւրոպական բանաձեւի առաջարկ մը, որ նպատակ ունի ամրապնդել Ֆրանսայի եւ ԵՄ-ի աջակցութիւնը Հայաստանին, Ազերպայճանի հետ անոր խաղաղութեան ջանքերուն մէջ։
Բանաձեւը կոչ կ՚ընէ Փարիզի եւ Երեւանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան արագ ստորագրումին, միաժամանակ պահանջելով Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ քաղաքական գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը։
«Ֆրանսա պատմական եւ քաղաքական դեր ունի խաղալու, որպէս Հայաստանի բարեկամ, Միացեալ Ազգերու Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամ եւ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուած գործիչ։ Ֆրանսայի պարտականութիւնն է աջակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղութեան ջանքերուն եւ առաջ մղել ռազմավարական գործընկերութիւնը անոր հետ՝ հիմնուած ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց, անվտանգութեան եւ զարգացման վրայ»,– կը հաստատեն երեսփոխանները։ Բանաձեւը կը թելադրէ ֆրանսական կառավարութեան արագօրէն վերջնականացնել ստորագրումը Երեւանի հետ ամբողջական ռազմավարական գործընկերութեան, քաղաքական, ռազմական, տնտեսական, մշակութային եւ անվտանգութեան բաժիններով, համաձայն՝ ԵՄ-ի արժէքներուն։ Առաջարկը ղրկուած է Ազգային ժողովի Եւրոպական գործերու յանձնախումբին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։