Փետրուար 9-ին, ԱԺ-կառավարութիւն հարցում-պատասխանի ժամանակ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յոյս յայտնած է, որ Փետրուար 24-ին Հայաստանի ու Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու Վիեննայի հանդիպումը առարկայական կ՚ըլլայ։ Ան նաեւ նշած է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի Անթալիոյ խորհրդաժողովին։
“Հայաստանի եւ Թուրքիայի յատուկ ներկայացուցիչների առաջին հանդիպումը ճանաչողական բնոյթ ունէր։ Յոյս ունեմ, որ այս անգամ արդէն առարկայական քննարկումներ կը սկսուեն երկու յատուկ ներկայացուցիչների միջեւ։ Քննարկումներ՝ ուղղուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացմանը և դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմանը”,– ըսած է Արտաքին գործոց նախարարը, աւելցնելով.- “Ուզում եմ մէկ անգամ էլ կրկնել՝ պաշտօնական Անկարայից այս մասին եկող ազդակները, ուղերձները, ակնարկները առաւելապէս դրական են, եւ մեր ակնկալիքներն էլ այդպիսին են”։
Անթալիոյ խորհրդաժողովին մասնակցելու կապակցութեամբ՝ Միրզոյեան յայտնած է, թէ ինք եւ Ռուբինեան հրաւէր ստացած են, սակայն տակաւին այդ առումով որոշում չէ կայացած եւ թէ այդ որոշումը մեծապէս կախեալ պիտի ըլլայ Փետրուար 24-ի հանդիպումէն։