Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի ծուխերու կրօնական եւ աշխարհական պատգամաւորները Շաբաթ, Փետրուար 12-ի յետմիջօրէին, Իսի-լէ-Մուլինոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուեցան, նոր առաջնորդի ընտրութեան համար։ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի նոր առաջնորդ ընտրուեցաւ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան, եօթնամեայ պաշտօնավարման շրջանի մը համար։
Ան, Վահան եպիսկ.ի փոխանորդն էր, կը վարէր նաեւ Փարիզի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։
Այսպէսով, 48-ամեայ հոգեւորականը կը դառնայ Ֆրանսայի թեմի երրորդ առաջնորդը, Նորվան արք. Զաքարեանէն եւ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեանէն ետք։
Նախքան պաշտօնապէս ստանձնելը թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը, Գրիգոր վրդ. Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պէտք է ստանայ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութիւնը։
Գրիգոր վրդ. Խաչատրեանի կենսագրականը.-
Ծնած է 1974-ին Սեւան քաղաքը, 1991-ին մտած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան։
1998-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ եւ ծառայութեան նշանակուած է Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդարանին մէջ, ապա՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Կրօնագիտութեան բաժանմունքին մէջ։
2000-ին պաշտպանած է իր աւարտաճառը նուիրուած՝ Պետրոս արք. Բերդումեանի աշխատասիրութեան (Մեծ պահքի շրջան):
նոյն տարուան նոյեմբեր 5-ին ձեռնադրուած է վարդապետ։
2002-էն 2007 ուսանած է Փարիզի Կաթոլիկ հիմնարկին մէջ (հասարակական եւ տնտեսական գիտութիւններու բաժանմունք):
2002-ին նշանակուած է Շաւիլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
2007-ին ընտրուած է Ֆրանսայի Թեմական խորհուրդի անդամ, ապա՝ քարտուղար։
նոյն տարին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ ետ կանչուած է Հայաստան՝ ստանձնելու Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդական կեդրոններու ղեկավարութիւնը եւ ապահովելու Արագածոտնի թեմի առաջնորդական տեղապահի պաշտօնը։
2009-ին նշանակուած է Մարսիլիոյ Սրբոց Թարգմանչաց մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ։
2010-ին նշանակուած է Նիսի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
2016-ին նշանակուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդական փոխանորդ։