ԿՐԸՆՈՊԼԸ
Կրընոպլի մէջ Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցած է համայնքին կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Կրընոպլի Հայ մշակոյթի տան նախագահ Դանիէլ Մարանճեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, թէ իրենց համար կարեւորը ազգային շահն է՝ առանց քաղաքական որևէ երանգաւորման։
Գլխաւոր յանձնակատարը շնորհակալութիւն յայտնած է Կրընոպլի հայ համայնքին՝ պատերազմին եւ անկէ յետոյ տարուող աշխատանքին համար։ Ապա ան ներկայացուցած է իր ղեկավարած գրասենեակին գործունէութիւնը։
Այնուհետեւ յանձնակատարին ներկայացուած է համայնքին եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համագործակցութեամբ ստեղծուած «Արև» ծրագիրը, որու նպատակն է՝ վերապատրաստել Հայաստանի ուսումնարաններու աշակերտները և ապագայ դասընթացաւարները, նոր արհեստագիտութիւններ բերել հայրենիք, յատկապէս ելեկտրական անվտանգութեան, արեգակնային ուժանիւթի, ռոպոթաշինութեան և ջրա-ելեկտրականութեան բնագաւառներուն մէջ։ Ծրագիրը պիտի սկսի Սևանի ուսումնարանէն, որ Կրընոպլի հետ զուգորդ քաղաք է։ Ապա դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին նաեւ Գիւմրի եւ Իջեւան։
Աւարտին Զարեհ Սինանեան պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի անվտանգութեան, հայապահպանութեան, Սփիռքի մէջ Հայոց լեզուի դասաւանդման դժուարութիւններուն, դասագիրքերու սակաւութեան և այլն։
ԼԻՈՆ
Լիոնի հայ համայնքին հետ հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Վիէնի փոխքաղաքապետ Լեւոն Սաքունց եւ Տէսինի փոխքաղաքապետ Տընի Ճորքայէֆ։ Գլխաւոր յանձնակատարը իր ելոյթին ընդգծած է.– “Չեմ փափաքիր խառնուիլ համայնքային որեւէ խնդրի։ Վստահ եմ, որ համայնքը ունի ներհամայնքային որեւէ խնդիր լուծելու իր ներքին խոհեմութիւնն ու իմաստութիւնը”։
Այնուհետեւ ան ներկայացուցած է Երեւանի գրասենեակին ծրագրներն ու ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն, որոնք մասնաւորաբար կը վերաբերէին հայրենադարձութեան, հայաստանեան կեանքէն ներս սփիւռքի ներգրաւման, սփիւռքի տարբեր շերտերու տարակարծութիւններուն, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հարցերուն։
ՏԷՍԻՆ
Զարեհ Սինանեան տեսակցութիւն ունեցած է Տեսին-Շարփիէօյի քաղաքապետուհի Լօռանս Ֆոթրայի հետ։ “Ուրախ եմ, որ Հայերով բնակուած բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ունինք նման քաղաքապետեր։ Վստահ եմ, որ մեր հայրենակիցները իրենք զիրենք կը զգան որպէս Ֆրանսայի երջանիկ քաղաքացիներ”,– յայտնած է Գլխաւոր յանձնակատարը։
Այնուհետեւ քաղաքապետուհիին ուղեկցութեամբ Սինանեան ծաղիկներ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ։
ՄԱՐՍԻԼԻԱ
Մարսիլիա այցելութեան ընթացքին Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցած է շրջանի հայ ընտրեալներուն հետ։
“Ես ալ եղած եմ ընտրեալ եւ շատ կը գնահատեմ ձեր այդ դժուար որոշումը՝ զբաղելու քաղաքականութեամբ։ Հանրային ծառայութիւնը զոհաբերութիւն է, և դուք ընտրած էք այդ ճանապարհը։ Ամէն մէկ քաղաքին մէջ հիացում ապրեցայ՝ տեսնելով, թէ որքան հայ ներգրաւուած է քաղաքական գործընթացներու մէջ”,– նշած է Գլխաւոր յանձնակատարը։ Հայ ընտրեալները հարցումներ ուղղած են Հայաստանի եւ Արցախի ընթացիկ կացութեան, մասնաւորապէս՝ անվտանգութեան խնդիրներու վերաբերեալ, անդրադառնալով նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն։
Զարեհ Սինանեան յայտնած է, թէ գրասենեակը կ՚ապրի այն սկզբունքով, որ մեր խնդիրները հայաստանեան կամ սփիւռքեան չեն, այն անոնք համահայկական բնոյթ կը կրեն։ Ան, հայազգի պաշտօնատարները սիրով հրաւիրած է Հայաստան՝ քննարկելու Սփիւռքի հետ աշխատանքի հայեցակարգի իրենց տեսակէտները։
Հանդիպումին արծարծուած են նաև երիտասարդական ծրագրերու աշխուժացման, Երևանի քաղաքապետարանի հետ աշխատանքի ընդլայնման, միասնական քաղաքականութեան բացակայութեան վերաբերող հարցերը։
Գլխաւոր յանձնակատարը հանդիպում ունեցած է նաեւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ “Այսօր մենք կը շարժինք երկու ուղղութեամբ՝ կարելիին չափ լայնօրէն ներգրաւելու Սփիւռքը հայաստանեան կեանքին մէջ և աշխուժացնելու հայրենադարձութեան գործընթացը”,– ըսած է Սինանեան։ Ներկաները յատկապէս հետաքրքրուած են «իԳործ» ծրագրին եւ Սփիւռքի պարտատոմսերու (Initiative Diaspora Bonds) հրապարակման հարցով։
Հարցումներ ուղղուած են նաեւ Երևան-Մարսիլիա-Երևան ուղղակի թռիչքներու բացակայութեան, հայապահպանման, հայրենադարձութեան և այլ թեմաներու շուրջ։
Գլխաւոր յանձնակատարը այցելած է Մարսիլիոյ Սրբոց Թարգմանչաց մայր եկեղեցին եւ ծանօթացած՝ տաճարի պատմութեան։ Եկեղեցական խորհուրդի ղեկավարութեան հետ հանդիպումին քննարկուած են Մարսիլիոյ հայ համայնքին առնչուող խնդիրներ։
Եկեղեցւոյ կից Խաչատուր Աբովեան դպրոցին մէջ հայրենի հիւրը դիմաւորած են աղուհացով։ Զարեհ Սինանեան շնորհակալութիւն յայտնած է դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Կարէն Խուրշուդեանին և ուսուցչական կազմին՝ նուիրեալ աշխատանքին համար։ “Այն, ինչ դուք կ՚ընէք այստեղ, արդէն հերոսութիւն է։ Պատրաստ ենք դպրոցին հետ ծաւալելու նոր և հետաքրքրական ծրագրեր”,– նշած է Գլխաւոր յանձնակատարը։ Այժմ դպրոցին մէջ կ՚ուսանին աւելի քան 200 հայ աշակերտներ։
Սինանեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Մարսիլիոյ փոխքաղաքապետ Միշէլ Ռիւպիրոլայի հետ։
“Ֆրանսահայութեան համար Մարսիլիան եղած է Ֆրանսայի դարպասը”,–ըսած է Գլխաւոր յանձնակատարը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով փոխքաղաքապետին ջերմ ընդունելութեան համար։ Այնուհետեւ ան ներկայացուցած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը, նշելով որ՝ Հայաստան կը ձգտի խաղաղութեան։ “Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը ուղղակի պէտք է կապուի Արցախի անկախութեան ճանաչումին։ Եթէ չըլլար Հայոց ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը, ականատես չէինք ըլլար Արցախեան վերջին պատերազմին”,– նշած է Սինանեան։
Պատերազմի օրերուն Միշէլ Ռիւպիրոլա միշտ եղած է Արցախի կողքին՝ Քաղաքային խորհուրդին կոչ ուղղելով ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը։ Այժմ Մարսիլիա կը նախապատրաստուի Երևանի հետ իր զուգորդումին 30-ամեակը։ “Կը սպասենք հայկական կողմէն առաջարկներու, որ պատշաճօրէն տօնենք այս իրադարձութիւնը”,– ընդգծած է փոխքաղաքապետուհին։
ՆԻՍ
Գլխաւոր յանձնակատարին` Ֆրանսա այցելութեան վերջին կանգառը Նիս քաղաքն էր: SOS Arménie – Côte d’Azur կազմակերպութեան նախագահ Սամսոն Էօզարարատի ուղեկցութեամբ, Զարեհ Սինանեան այցելեցած է Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, եւ «Պարսամեան» հայկական ամէնօրեայ դպրոցը:
Ան հանդիպում ունեցած է Նիսի հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ պատասխանած՝ վերջիններս յուզող հարցումներուն: