Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ. Իպրահիմ Քալըն.– «Կը մերժենք Ուքրաինայի վրայ ռուսական որեւէ յարձակում»

Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան 70-ամեակին առիթով թրքական ՍԵԹԱ կեդրոնին  Պրիւսէլի մէջ կազմակերպած առցանց դասախօսութեան ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնած է. “Թուրքիա 70 տարիէ ի վեր ՕԹԱՆ-ի յանձնառու անդամներէն մէկը կը նկատուի եւ դաշինքի ծիրէն ներս մասնակցած է աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ առաքելութիւններու եւ գործողութիւններու”: Ան միաժամանակ նշած է, թէ Թուրքիա դաշինքին միակ իսլամ անդամն է եւ ՕԹԱՆ-ի ու իսլամական աշխարհին միջեւ կամուրջ կը նկատուի:

Անդրադառնալով ռուս-ուքրանական լարումին` Քալըն ըսած է, թէ Թուրքիա կը մերժէ Ուքրաինայի վրայ ռուսական որեւէ յարձակում:

Ան յիշեցուցած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան առաջարկած է Ուքրաինայի եւ Ռուսաստանի միջեւ միջնորդութիւն կատարել, նշելով որ՝ Թուրքիա լարումին վերջ տալու հարցին մէջ կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ: