Փետրուար 21-ին Երեւանի մէջ կայացած է «ԵւրոՆեսթ» (EuroNest) խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոյի նիստը: Մասնակցած են Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներէն Հայաստանի, Ազէրպայճանի, Վրաստանի եւ Ուքրաինայի խորհրդարաններու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի քաղաքական խումբերov պատուիրակութեանց ղեկավարները:
Նիստի ընթացքին Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու երեսփոխանները ներկայացուցած են իրենց երկիրներու՝ ընթացիկ քաղաքական գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ: Քննարկուած են նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ քաղաքական կացութեան վերաբերող հարցեր:
Փետրուար 22-ին, «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի կ՚ունենային «ԵւրոՆեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական, մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան, ուժանիւթի անվտանգութեան, տնտեսական համարկման, ընկերային, կրթութեան, մշակոյթի եւ քաղաքացիական հասարակութեան հարցերու յանձնաժողովներու նիստերը:
Նշենք, որ ԵւրոՆեսթի խորհրդարանական վեհաժողովը խորհրդարանական մարմին մըն է, որուն մաս կը կազմեն Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ եւ խորհրդարանականներ Ուքրաինայէն, Մոլտաւիայէն, Պելառուսէն, Հայաստանէն, Ազէրպայճանէն եւ Վրաստանէն: Վեհաժողովը ստեղծուած է որպէս Արեւելեան գործընկերութեան բաղադրիչ։
Բողոքի ցոյց՝ ազէրպայճանական պատուիրակութեան ժամանումին դէմ
Երկուշաբթի, Փետրուար 21-ին, Զուարթնոց օդակայանի ճամբան փակած են Արցախեան վերջին պատերազմի մասնակիցներ, որոնք դէմ էին ազէրպայճանական պատուիրակութեան ժամանումին։
Անոնք յայտարարած են որ դէմ են նաեւ Երեւան-Պոլիս թռիչքներու վերահաստատման։
Աւելցնենք որ շատերու անբաղձալի այս այցելութեան շուրջ բաւական աղմուկ բարձրացած է, բացի օդակայանի ճամբուն փակումէն։
«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի երեսփոխան մը յայտարարած էր, թէ վերջին հաշուով՝ ազէրպայճանական երեք հոգինոց պատուիրակութիւն մը հասած է Երեւան։ Բայց պաշտօնական լրատւութեան մէջ վերոնշեալ ժողովին Ազէրպայճանի անունը չէր յիշուեր, մինչ միւս կայքերը կը նշէին որ Ազէրպայճա՛նն ալ մասնակցած է։