Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Հինգշաբթի, Փետրուար 24-ի յետմիջօրէին Փարիզի Interallié միութեան սրահներուն մէջ կազմակերպեց ընդունելութիւն մը՝ նշելու համար Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը։
Այս առիթով Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան փափաքեր էր մեծարել Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի առաջին դեսպան տիկին Մարի-Ֆրանս տը Հարթինկը, որ այդ պաշտօնը ստանձնած էր 1992-ին։
Այս արարողութեան ներկայ էր շուրջ հարիւր հոգի, որոնց մեծ մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, ինչպէս՝ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Փարիզ 15-րդի թաղապետ Ֆիլիփ Կուժոն, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպաններ Ժագ Սմեսով, Հանրի Գիւնի, Մինսքի խումբի Ֆրանսայի նախկին ներկայացուցիչ Ժագ Ֆոռ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան, Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Ֆրանսայի կաթոլիկ Հայերու առաջնորդ Եղիա եպիսկ. Եղիայեան, Հայաստանէն երեսփոխաններ, CCAF-ի համանախագահները, Փարիզի խորհրդական Ալեքսի Կէօվճեան, բազմաթիւ ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստի եւ մշակոյթի աշխարհի անձնաւորութիւններ, պատմաբաններ, Հայաստանի մէջ ֆրանսական դիւանագիտական կազմի այն ժամանակուան անդամներ…:
Դեսպանուհի Տոլմաջեան իր ամփոփ եւ կուռ ելոյթով ընդգծեց Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ եղբայրական կապերու առանձնայատկութիւնը։ Ան մասնաւորապէս բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի առաջին դեսպանին անձն ու վաստակը, Հայաստանի անունով երախտագիտութիւն յայտնեց անոր՝ հայ-ֆրանսական այդ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու կայացման մէջ ունեցած կարեւոր ներդրումին համար, յիշեցնելով որ՝ վերջինիս պաշտօնավարման տարիները (1992-1996) զուգադիպեցան Հայաստանի ու Արցախի համար ամենածանր շրջաններէն մէկուն։ Ան, յատկապէս նշեց երկրաշարժին յաջորդած դժուար ժամանակները, մինչ մէկ կողմէն ալ կ՚ընթանար Արցախեան թէժ պատերազմը։ Ամէն ինչով իւրայատուկ ժամանակաշրջան մը…։
Իր կարգին, Մարի-Ֆրանս տը Հարթինկ՝ այսօր 89-ամեայ այս համակրելի տիկինը,– բայց այնքա՜ն աշխուժ եւ բոլորէն այնքա՜ն սիրուած,– իրեն յատուկ հեզ ու քաղցր ոճով պատառիկներ վերյիշեց այդ ժամանակաշրջանի իր աշխատանքէն, անցքերէն։
Գեղեցիկ այս երեկոյթը վերջ գտաւ մեծարեալին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան «Բարեկամութեան» շքանշանի յանձնումով՝ ձեռամբ տիկին Տոլմաջեանի, որուն յաջորդեց պատշաճ ընդունելութիւն մը։
Թ.Շ.