Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԺԸՆԵՒ. ՀՀ ԱԳ նախարարը հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու  գերագոյն յանձնակատարին հետ

ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի բարձրաստիճան նիստի ծիրէն ներս, Ժընեւի մէջ, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փետրուար 28-ին հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ։

Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստանի և ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարին միջև հաստատուած երկխօսութեան կապակցութեամբ։ Նախարար Միրզոյեան նշած է, թէ որպէս բռնի տեղահանումներէն անմիջականօրէն տուժած երկիր՝ Հայաստան տեւաբար աջակցած է պրն Կրանտիի ջանքերուն՝ տեղահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։

ՀՀ ԱԳ նախարարը անդրադարձած է նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Արցախի մէջ ծագած մարդասիրական խնդիրներուն։ Ան ընդգծած է ազէրպայճանական յարձակման հետեւանքով իրենց բնակավայրերէն բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան՝ հայրենիք վերադարձի համար պայմաններու ստեղծման եւ անոնց անվտանգութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան յոյժ կարեւոր նկատած է Արցախի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու, այդ կարգին՝ ՄԱԿ-ի Գերագոյն յանձնակատարին կողմէ մարդասիրական առաքելութիւններու իրագործումը՝ անընդունելի համարելով Ազէրպայճանի կողմէ այս հարցին քաղաքականացումը եւ արհեստական խոչընդոտներ ստեղծելը։