Մարտ 3-ին՝ հակամարտութեան 8-րդ օրը, մինչ ուքրաինական եւ ռուսական կողմերու միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուէին,– երկրորդ հանդիպումը նախատեսուած էր նոյն երեկոյեան, Պելառուսի՝ Լեհաստանի հետ սահմանին մօտիկ Պրեսթ (նախապէս՝ Պրեսթ-Լիթովսքի) քաղաքին մէջ,– տեղւոյն վրայ պատերազմը կը դրսեւորուէր իր ահաւոր դէմքով, ասելի ու անասելի ծանօթ բոլոր արտայայտութիւններով, սարսափներով։
Ինչպէս արդէն գրեցինք, որպէս տպագիր մամուլ՝ յաւակնութիւնը պիտի չունենանք ամէնէն թարմ մանրամասնութիւնները հաղորդելու։
Ընդհանուր առմամբ տիրող իրադրութիւնը հետեւեալն է.- բացի երկու ձեռքերու մատներով հաշուելի քանի մը պետութիւններէ,– Չինաստան, Իրան, Սուրիա, Հնդկաստան, Հիւսիսային Գորէա, Գուպա, Հարաւային Ամերիկայի քանի մը երկիրներ,– համայն աշխարհ ճակատ պարզած է Ռուսաստանի դէմ։ Ամէն օր, Ուքրաինային՝ աշխարհի չորս ծագերու երկիրներու կողմէ ռազմական կամ այլ բնոյթի օգնութեան լուրեր կը հասնին, այնպէս՝ կարծէք վերոնշեալ բացառութիւնները մէկդի դրած՝ համայն աշխարհ կը գոչէր՝ «Բոլորս Ուքրաինա ենք»։
Իրաց այս կացութեան մէջ,– մեծ հաւանակութեամբ համընդհանուր այս զօրակցութենէն ալ քաջալերուած,– Ուքրաինացիները կը շարունակեն դիմադրել։ Մա՛նաւանդ, որ ուքրաինական բանակը եւ ժողովրդական դիմադրական շարժումը,– որ սկիզբը տունը պատրաստուած «Մոլոտով» պայթուցիկներով սկսած էր պայքարը,– այժմ կ՚օժտուին «դուրսէն» հասնող կատարելագործուած զէնքերով։ Ասոր վերջին օրինակը Գերմանիոյ օժանդակութիւնն է, որ յայտարարած է գերարդիական բազմագործուն հրթիռներու առաքումը, որոնք թէ՛ հրասայլ, թէ՛ ալ կործանիչ սաւառնակներ կրնան հարուածել։
Միաժամանակ, Ուքրաինացիներու մէկ մասն ալ կը շարունակէ երկրէն փախուստը։ Ըստ գերմանական Deutsche Welle ծանօթ լրասփիւռին՝ Ուքրաինայէն փախուստի դիմածներու թիւը Մարտ 3-ին արդէն կը գերազանցէր 1 միլիոնը։
Միւս կողմէ, արեւմտեան աղբիւրները լծուած են Ռուսաստանի կրած վնասները հաշուելու գործին։ Կ՚ըսուէր թէ՝ պատերազմի առաջին հինգ օրերուն ռուսական կողմին կրած վնասը կը կազմէ 7 միլիառ տոլար։ Ի դէպ, այս հաշուարկին մէջ ներառուած է ամէն ինչ՝ փճացած ռազմական սարքերէն մինչեւ զոհերը, արեւմտեան աշխարհի հաստատած պատիժներու պատճառած վնասները եւ այլն։ Եւ կը կարծուէր, որ յառաջիկայ օրերուն այս գումարը կրնայ հասնիլ օրական 20 միլիառ տոլարի։
Յառաջիկայ օրերուն… քանի այնպէս կը թուի որ՝ պատերազմին ելքը այնքան ալ մօտալուտ չէ, ըստ երեւոյթին՝ այնպէս ինչպէս կ՚ակնկալէր Քրեմլին։ Արդարեւ, ուքրաինական աղբիւրներու համաձայն՝ ռուս զինուորներ խուճապահար փախուստի դիմելու ատեն՝ իրենց ետին թողած են «խօսուն» փաստաթուղթեր։ Այդ փաստաթղթերէն ի յայտ եկած է, որ Ուքրաինայի դէմ պատերազմի ծրագիրը Մոսկուայի հաւանութեան արժանացած է 2022 Յունուար 18-ին. ըստ այդ նոյն փաստաթուղթերուն՝ կը նախատեսուէր Ուքրաինայի ամբողջութիւնը ձեռք անցընել առաւելագոյնը 15 օրուան մէջ՝ 2022 Փետրուար 20-էն Մարտ 8։ Այսինքն, այն պահուն երբ այս տողերը գրի կ՚առնենք, կը մնար 5 օր պատերազմի «այս թղթածրարը» փակելու համար, ինչ որ այնքան ալ հաւանական չէր թուեր։
Մարտ 2-ին, Ռուսաստան առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս յայտարարեց իր կորուստներու թիւը։ Այսպէս, ըստ ռուսական կողմին՝ մինչեւ վերոնշեալ թուականը կռիւներուն զոհ գացած է 498 ռուս զինուոր, մինչ 597 ուրիշներ ալ վիրաւորուած էին։ Ֆիզիքական պատերազմին կից կ՚ընթանայ նաեւ անշրջանցելի քարոզչական պատերազմն ալ։ Մինչ Ուքրաինայի նախագահ Զելենսքի կը յայտարարէր, թէ ռուսական զօրքերը լուրջ ընկճում կ՚ապրին, Ռուսաստանի նախագահ Փութին ալ կը նախընտրէր սպառնալիքներու լեզուով ճնշում բանեցնել, յայտարարելով.- «Ան, որ պատերազմ կ՚ուզէ՝ պէտք է պատրաստ ըլլայ նաեւ հիւլէական զէնքի հետեւանքներուն»։
* * *
Այս պատերազմի անմիջական անդրադարձներէն մէկն ալ կազի սակագինին մագլցումն է։ Հակամարտութեան նախ շշուկներուն, ապա սկսման պատճառով՝ Եւրոպայի մէջ կազի գիները կտրուկ աճած են։ Գաղափար մը տալու համար՝ վերջին մէկ տարուան ընթացքին՝ սակագինը տասնապատկուած է։
* * *
Պատերազմական պայմաններուն մէջ՝ երգիծանքը կրնայ պախարակելի համարուիլ, ուստի խօսինք անհեթեթի մասին։
Ռուսաստանի դէմ կիրարկուող պատիժները այլեւս իսկապէս սահման չեն ճանչնար։ Ինչքերու սառեցման, քաղաքական ու դիւանագիտական մեկուսացման, օդային տարածքներու փակման միջոցները այս իրադրութեան մէջ հասկնալի են։ Մարզական ոլորտին մէջ սահմանուած պատիժները արդէն աւելի վիճարկելի են, երբ անդադար կը շեփորուի՝ «մարզանքը, մարզիկը սահման չունին»։ Նոյնը՝ մշակոյթի ոլորտին համար ալ ի զօրու է, մինչ կը տեղեկանանք որ՝ Միւնիխի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ծանօթ գլխաւոր խմբավար, երաժիշտ Վալերի Կերկիեւ պաշտօնազրկուած է, որովհետեւ չի դատապարտեր Փութինի արարքները։
Բայց կայ շատ աւելի անհեթեթը, որ «շատ ծանր հարուած» մըն է ելեկտրոնային խաղերու ռուս սիրահարներուն համար։ Այսպէս, որոշուած է ֆութպոլի ելեկտրոնային խաղերէն ջնջել ռուսական ակումբները…
Այլ հարուած մըն ալ՝ կատու սիրողներուն… Այսուհետեւ, արգիլուած է Եւրոպա ներածել ռուսական ցեղի կատու…
* * *
Արցախեան վերջին պատերազմի օրերուն Արցախ մեկնած ու տեղւոյն վրայ կատարած տեսագրութիւններով շահեկան տեսանիւթ մը պատրաստած (որ ի դէպ՝ «յաճախորդ» չգտաւ հեռատեսիլի ֆրանսական կայաններուն մէջ, վստահաբար ընկալեալ կարծրատիպերու սահմանները զանցած ըլլլալուն պատճառաւ) լրագրող-թղթակից Անն-Լօռ Պոնէլ, ներկայիս ալ «խանգարող» դարձած է Ուքրաինայի պատերազմին առնչութեամբ։ Արդարեւ, առջի օր, ան հեռակայ հիւրն էր CNews-ի։ Տոնպասէն, ուր կը գտնուէր, Պոնէլ արեւմտեան աշխարհին մէջ ընկալեալ կարծիքին հակոտնեայ յայտարարութիւններ կատարեց, ըսելով որ՝ Ուքրաինայի ռուսամէտ այդ շրջանը (Տոնպաս) առաջին տագնապէն՝ 2014-էն ի վեր եւ մինչեւ այսօր կը ռմբակոծուի ուքրաինական բանակին իսկ կողմէ, եւ այս տարիներու ընթացքին բնակչութիւնը այլեւս հիւծած է բառիս բուն իմաստով, աւելի քան 13.000 հոգի զոհ դարձած է այդ յարձակումներուն, բայց ո՛չ ոք խօսեցաւ կամ այսօր կը խօսի այդ մասին, շեշտելով նաեւ որ՝ ինք քաղաքական ոչ մէկ նպատակ կը հետապնդէ, այլ՝ միայն ու միայն կ՚ուզէ լրագրողի իր առաքելութիւնը կատարել, անաչառ կերպով։ Անոր այս յայտարարութիւնները շատ հաճելի չէին CNews-ի փարիզեան կեդրոնի հարթակին գտնուող հիւրերուն, ի շարս որոնց՝ ոմն Պերնար Հանրի-Լեւիի։
Ուքրաինայի պատերազմին առաջի՞ն հայ զոհը
Հայկական լրասփիւռները Մարտ 3-ին կը հաղորդէին, թէ Ուքրաինայի Խերսոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած է Ուքրաինայի քաղաքացի, ազգութեամբ հայ Վահիկ Սողոմոնեանը։
Ա.Դ. ■