Մարտ 4-ին, Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ հիւրընկալուած է ՀՀ մարդկային իրաւանց նորընտիր պաշտպան (ՄԻՊ) Քրիստինէ Գրիգորեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը:
ԱՀ ԱԺ լրատւութեան և հանրութեան հետ կապերու բաժինէն հաղորդած են, թէ Հայաստանի ՄԻՊ-ը նախ ընդունուած է Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունցի կողմէ: Ան շնորհաւորած է Գրիգորեանը՝ այդ պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելուն կապակցութեամբ եւ անոր մաղթած՝ արգասաբեր աշխատանք:
Հանդիպումին քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջև համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Գրիգորեան տեղեկացուցած է, թէ ամէնօրեայ կապի մէջ է Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանի հետ ու հաւաստած, որ դիտարկումներու, խախտումներու արձանագրութեան, միջազգային ատեաններու մէջ Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով առաւել պիտի սերտացնեն կապերը:
Տեսակցութեան ներկայ Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպանը շեշտած է ընթացքի մէջ գտնուող ծրագրերը շարունակելու եւ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Այնուհետև, հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով՝ Խորհրդարանի խմբակցութիւններու ղեկավարներու եւ յանձնաժողովներու նախագահներու մասնակցութեամբ:
Խորհրդարանականները ընդգծած են այն հանգամանքը, որ Հայաստանի նորընտիր ՄԻՊ-ը իր առաջին այցը կատարած է Արցախ: Քննարկուած են մարդկային իրաւանց առնչուող հրատապ հարցեր: Քրիստինէ Գրիգորեան խօսած է Արցախի մէջ միացեալ ժողով հրաւիրելու իր մտադրութեան մասին։
Պատուիրակութեան կազմին մէջ Արցախ ժամանած Հայաստանի ՄԻՊ-ի գրասենեակի պատասխանատուները պատրաստակամութիւն յայտնած են համագործակցելու Արցախի իրենց պաշտօնակիցներուն հետ։