Ուքրաինական պատերազմին՝ ռուսական բանակի կորուստները շատ են։ Այն արագութեամբ, որ նախագահ Փութին Ուքրաինայի մէջ ուզեց իշխանափոխութիւն կատարել՝ Քիեւ քաղաքը գրաւելով, չյաջոյեցաւ։ Անակնկալ յարձակումին յաջորդած առաջին օրերու յառաջխաղացքէն ետք, ռուսական զօրքերը յարաբերաբար տեղքայլի մէջ են, կարգ մը տեղեր նոյնիսկ՝ յետքայլի։
Արդէն երկու շաբաթ է ամէն օր կրակ կը տեղայ Ուքրաինայի քաղաքներուն վրայ։ Սկզբնական շրջանի ռազմական թիրախներու ռմբակոծումը փոխարինուեցաւ քաղաքներու եւ բնակավայրերու կուրօրէն ռմբակոծման մարտավարութեամբ, ստեղծելով ժողովրդային հսկայական գաղթ ու ողբերգութիւն։ Այս մէկը մեծագոյն ապացոյցն է ճշգրիտ զինուորական թիրախներ հարուածելու Ռուսերու անկարողութեան։
Արցախեան պատերազմի ընթացքին հայկական ուժերը իրենց կեանքի գինով վճարած էին ռուսական զէնքերու թերութիւնները ու քննադատութիւններու թիրախ դարձած։ Այսօր այդ նո՛յն երեւոյթները կը նշմարուին ուքրաինական ճակատին վրայ՝ ռուսական լաւագոյն, գերճշգրիտ համարուող զինատեսակներու թերի գործունէութիւնը։ Արցախեան պատերազմին հայկական կողմի անկազմակերպութիւնը եւս ի յայտ կու գայ ռուսական բանակին մէջ։ Հարիւրաւոր հրասայլերու եւ պատերազմական կառքերու շարասիւներ անշարժութեան մատնուած են վառելանիւթի պակասի պատճառով։ Բազմաթիւ զրահամեքենաներու կորուստներ ունին Ուքրաինացիներու խոհեմ հակայարձակումներուն պատճառով։ Ռուսական օդուժն ալ, հակառակ կատարած յայտարարութեան՝ դեռ չէ յաջողած տիրապետել Ուքրաինայի օդային տարածքին։ Ռուսական ռազմական բազմաթիւ սաւառնակներ եւ ուղղաթիռներ խոցուած են։ Կան նաեւ բազմահազար վիրաւորներ, որոնց տարհանումը, բուժումը կը կաղայ…
Այս կորուստներու ենթախորքին վրայ է, որ Նախագահ Փութին համաձայնած է Ռուսաստանի ու Ուքրաինայի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին, ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ։ Այլապէս, մինչ այդ Ռուսերը անզիջող կերպով ուքրիանական կողմին կը պարտադրէին Պելառուսը իբրեւ բանակցութեան վայր։
Ռուսաստանի ռազմաճակատի դիրքերուն ունեցած անյաջողութիւններուն մէկ այլ դրսեւորումն է նաեւ Արցախի մէջ Ազէրպայճանի սահմանային յարձակումներու վերսկսումը։ Ազէրպայճան Ռուսաստանի պարտութեան նախանշանները զգալով, կը համարձակի խախտել զինադադարը։ Նոյնիսկ, Նախիջեւանի սահմանին՝ Երասխի հատուածին վրայ արիւնալի յարձակումի բերումով՝ հայկական կողմը ունեցաւ մէկ մեռեալ եւ մէկ վիրաւոր։
Ռուս-ուքրաինական պատերազմը վերածուեցաւ Ռուսաստան-Արեւմուտք բախումի։ Պատիժներու ծաւալը կը գերազանցէ մինչեւ հիմա առնուած բոլոր միջոցները։ Այս պայմաններուն մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով՝ Մինսքի միջնորդական առաքելութիւնը անդամալոյծ վիճակի մէջ է։ Եւ նկատի ունենալով Հայաստանի՝ մեկուսացած ու պատժուած Ռուսաստանի դաշնակիցը ըլլալու հանգամանքը, ծայր աստիճան անյարմար ու վտանգաւոր կացութիւն մը ստեղծուած է։ Մա՛նաւանդ պատերազմի վերսկսման վտանգի առումով։
Այս պայմաններու մէջ, Հայկական դիւանագիտութիւնը տարբեր ուղղութիւններով աշխատելու ընթացքի մէջ է։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեցաւ մասնակցիլ Թուրքիոյ կազմակերպած դիւանագիտական վեհաժողովին, Անթալիոյ մէջ։
Դրական է նաեւ նախագահ Մաքրոնի նախաձեռնութիւնը, որ ներկայիս իբրեւ Եւրոպական Միութեան նախագահող երկիր եւ Մինսքի խումբին համանախագահող պետութիւն, վարչապետ Փաշինեանը Ֆրանսա հրաւիրեց, Մարտ 9-ին, ֆրանսահայ համայնքի զանազան գործիչներու հետ ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան ծրագիր մը մշակելու համար։ Բնական է որ Ֆրանսական նախագահական ընտրութիւններու մօտալուտ թուականը կարեւոր ազդակ էր այս նախաձեռնութեան ի յայտ գալուն։ Այսուհանդերձ երկու երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումը կարեւոր իրադարձութիւն է, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան դիրքորոշումները պարզելու, սահմանագծին վրայ Ազէրպայճանի ու Թուրքիոյ յարձակումները կանխելու միտող նոր մարտավարութիւններ մշակելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական գետնի վրայ Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծրագիր մը յառաջ մղելով՝ Ռուսաստանի դէմ պատիժներու հետեւանքները մեղմելու համար։
Ժ.Չ. ■