Ազէրպայճան կը պնդէ թէ՝ «Հայաստան կը փորձէ զինուորական նպատակներով օգտագործել Լաչինի միջանցքը»

Ազէրպայճանի կառավարութիւնը միջազգային շարք մը կառոյցներու եւ տարբեր երկիրներու պետական գործակալութիւններու նամակ ուղարկած է` պնդելով, որ «Հայաստան կը փորձէ զինուորական նպատակներով օգտագործել Լաչինի միջանցքը»:  

Այսպէս՝ նամակներ յղուած են ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, Եւրոպական խորհուրդի եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարներուն, ԵԱՀԿ-ի ներկայի նախագահին, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերու գերագոյն յանձնակատարին, Եւրոպական Միութեան Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու գլխաւոր ներկայացուցչին եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարին: