Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ ԱԳՆ.– «Հայաստան յառաջիկային թերեւս կը դիմէ Մինսքի խումբի համանախագահութեան՝ Ազէրպայճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ նախաձեռնելու հարցով»

«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը հետեւեալ հարցումը ուղղած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեանին.-

– Հայաստան բազմիցս յայտարարած է Ազէրպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին։ Նման յայտարարութիւններ ըրած է նաև Ազէրպայճան: Այս ուղղութեամբ ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկուին:

– Պայմանագրի ստորագրութեան, բնականաբար, պէտք է նախորդէ այդ նիւթով բանակցային գործընթացը, բայց քանի որ փոխադարձ յայտարարութիւնները մինչ օրս յստակ բանակցային գործընթացի չեն վերածուած, քանի որ երկու երկիրները ուղղակի բանակցութիւններու հարուստ փորձառութիւն չունին, Հայաստան յառաջիկային թերևս կը դիմէ միջնորդներուն (ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան)՝ Ազէրպայճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախաձեռնելու հարցով: Ներկայիս այդ հարցը կը գտնուի մշակման փուլին: