Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վահագն Խաչատուրեան  երդման արարողութեամբ ստանձնեց  ՀՀ նախագահի պաշտօնը

ՀՀ 5-րդ նախագահ Վահանգն Խաչատուրեան Մարտ 13-ին, Կարէն Դեմիրճեան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած՝ Ազգային ժողովի յատուկ նիստին, երդման արարողութեամբ ստանձնեց ՀՀ նախագահի պաշտօնը։ Նիստը կը վարէր ԱԺ նախագահի լիազօրութիւնները կատարող փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան:

Վահագն Խաչատուրեան, ձեռքը դնելով Վեհամօր Աւետարանի եւ ՀՀ Սահմանադրութեան վրայ, երդուեցաւ. “Ստանձնելով Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը՝ երդւում եմ հաւատարիմ լինել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, իմ լիազօրութիւններն իրականացնելիս լինել անաչառ, առաջնորդուել միայն համապետական եւ համազգային շահերով, եւ իմ ողջ ուժը ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործին”։ 

Երդման արարողութենէն ետք, հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան փառերգը, ապա՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս յղեց հայրապետական օրհնութեան խօսքը (տե՛ս. քիչ անդին)։ 

Արարողութեան կը մասնակցէին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահի լիազօրութիւնները ցարդ կատարող ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեան, նախարարներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, այլ պաշտօնատար անձեր: Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու երեսփոխանները չէին մասնակցեր յատուկ նիստին:

Երդման արարողութեան հրաւիրուած էին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, Սփիւռքի եւ հայրենիքի պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, արտախորհրդարանական ուժեր, գործարարներ, հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Նախագահի պաշտօնին Խաչատուրեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը: ՀՀ Ազգային ժողովը Մարտ 3-ի նիստին Վահագն Խաչատուրեանը ընտրած էր Հանրապետութեան նախագահ, եօթը տարուան համար:

 

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս.– «Հրամայական է հայրենիքի ապագայի շուրջ համընդհանուր տեսլականի ձեւաւորումը» 

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր օրհնութեան խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց.-

“Ձեր պաշտօնակալութիւնը տեղի է ունենում դժուարին ժամանակահատուածում, երբ հայրենիքը վիրաւոր է Արցախեան պատերազմի աղէտալի կորուստներով, երբ յաղթահարուած չեն պատերազմի առաջացրած մարտահրաւէրները, երբ տակաւին գերութեան մէջ են եւ անյայտ կորած մեր զաւակները, եւ պարբերաբար շարունակւում են ոտնձգութիւնները հայրենեաց սահմանների նկատմամբ, երբ ներազգային կեանքում տիրող անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը եւ ներհասարակական բեւեռացումը շարունակում են խռովել մեր ժողովրդի հոգին։ Այսօր ամէնքս մտահոգ ենք մեր երկրի իրավիճակով, երերուն է խաղաղութիւնը Հայաստանում եւ Արցախում, ծառացած են Արցախահայութեան իրաւունքների պաշտպանութեան ու հակամարտութեան խաղաղ ու արդար կարգաւորման հարցերը, եւ ապագան անորոշութիւններ է պարունակում։ Մտահոգ ենք եւ աշխարհը փոթորկող տագնապներով ու հակամարտութիւններով, աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային բարդ զարգացումներով”։

Վեհափառ Հայրապետը ներկայի ծանր մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ հրամայական նկատեց ներհասարակական հաշտութեան օրակարգի իրականացումը, ազգային միասնականութեան վերականգնումը, հայրենիքի ապագայի եւ ազգային նպատակներու շուրջ համընդհանուր տեսլականի ձեւաւորումը, որով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել առկայ խնդիրները, հզօրացնել պետականութիւնը, հետամուտ ըլլալ ապահովութեան հարցերու լուծման, համախմբել ազգային ամբո՛ղջ ներուժը՝ ի շահ հայրենիքին եւ ժողովուրդին:

Գարեգին Բ. շեշտեց, թէ չափազանց մեծ է այն գինը, որ հայ ժողովուրդը վճարեց անկախ պետականութեան վերակերտման ճանապարհին: “Հայրապետական մեր յորդորն ենք ուղղում համայն մեր ժողովրդին՝ ապրենք եւ առաջնորդուենք գիտակցութեամբ, որ հայրենիքը Աստծոյ պարգեւն է մեր ազգին, եւ իւրաքանչիւրս կոչուած ենք յանձնառութիւն ստանձնելու, ջանք ու եռանդ չխնայելու՝ յանուն մեր երկրի հզօրութեան եւ պայծառութեան։ Հաւատքով նորոգուենք եւ մեր կեանքը շախաղենք հայրենեաց անսակարկ սիրով եւ բարեպաշտ ընթացքով”,– նշեց Ամենայն Հայոց հայրապետը, ներկաները հրաւիրելով միասնական յոտնկայս աղօթքի:

 

Նորընտիր նախագահը այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն

Այս հանդիսաւոր արարողութենէն անմիջապէս յետոյ նորընտիր նախագահը այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է իրենց կեանքը Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհաբերած հերոսներու յիշատակին։

Նախագահը ծաղիկներ խոնարհած է ՀՀ Ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկի շիրիմներուն. ապա՝ պատուոյ պահակախումբի ուղեկցութեամբ, ծաղկեպսակ զետեղած է Հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար նահատակուածներու սխրանքը յաւերժացնող յուշապատին: ■