Արցախի նախագահի խորհրդականներ Ազատուհի Սիմոնեան եւ Լուսինէ Ղարախանեան այցելած են Փարիզեան շրջանի արուարձաններէն Ռենսիի «Դպրոցասէր» եւ Իսի-լէ-Մուլինոյի «Համազգային-Թարգմանչաց» վարժարանները։
Արցախցի պաշտօնատարները վարժարաններու պատասխանատուներուն հետ քննարկած են համագործակցութեան եւ ֆրանսահայ վարժարաններու կառավարման ու կրթական համակարգին առնչուող հարցեր։ Անոնք ներկայացուցած են Արցախի կողմէ «Քոյր դպրոց» ծրագրին հայեցակարգը, նպատակները եւ գործադրման եղանակները։
Հայկական վարժարանները մեծ ոգեւորութեամբ փափաք յայտնած են մասնակցելու «Քոյր դպրոց» ծրագրին, որու միջոցով կարելիութիւն կ՚ունենան համագործակցելու Արցախի Հանրապետութեան դպրոցներուն հետ: