Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ ՄԻՊ. – «Ազէրպայճանի կողմից խաղաղութեան մասին խօսակցութիւնները, մեղմ ասած, անկեղծ չեն» 

Մարտ 17-ին, կառավարութեան նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ասուլիսին, ՀՀ մարդկային իրաւանց պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան յայտարարած է, թէ Արցախի մէջ Ազէրպայճանի կողմէ ճնշումներու, ահաբեկման, հայաթափման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի։

“Այս ընթացքում եղան նաև կազի անջատման հետ կապուած խնդիրները՝ եղանակային ցուրտ պայմաններում։ Այն, որ Ադրբեջանը թոյլ չէր տալիս վթարուած կազատարը վերանորոգել, եւս մէկ ապացոյց է, որ սա ուղղակիօրէն մէկ կէտից կառավարուող քաղաքականութիւն է։ Նպատակը պարզ է՝ Արցախի ցեղային զտում եւ հայաթափում”,– ընդգծած է ՀՀ ՄԻՊ-ը։

Հարցումին՝ թէ այս համածիրին մէջ ինչպէ՞ս կարելի է Ազէրպայճանի հետ խաղաղութիւն հաստատել, Գրիգորեան պատասխանած է.-

“Մարդու իրաւունքների պաշտպանի տեսանկիւնից բնական է եւ այս առումով առիթ եմ ունեցել ասելու, որ որեւէ Պաշտպան,– ես էլ բացառություն չեմ,– չի կարող ասել, որ խաղաղութիւնը վատ բան է, կարծում եմ, բոլորս համախոհ ենք սրա շուրջ, բայց խաղաղութեան մասին բարձրաձայնելը պէտք է ապացուցուած եւ ապահովագրուած լինի գործողութիւններով։ Այս պահին պէտք է արձանագրենք, որ առնուազն վերջին երկու շաբաթուայ իրադարձութիւնները եւ լարուած կացութիւնը՝ ներառեալ մարդասիրական ճգնաժամը, ցոյց են տալիս, որ խաղաղութեան մասին խօսակցութիւնների համար ուղղակի միջավայր չկայ եւ, մեղմ ասած, Ադրբեջանի կողմից դրանք անկեղծ չեն”,– շեշտած է Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպանը։