Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայկական յայտագիր՝ Մոնթէ-Գառլոյի փառատօնին 

Մոնթէ-Գառլոյի գարնանային արուեստի փառատօնը որ սկսած է Մարտ 10-ին, կը տեւէ մինչեւ Ապրիլ 3։ 

Փառատօնի ժամանակացոյցին մէջ, յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած են հայկական բազմաթիւ ձեռնարկներ։

Այսպէս, Ուրբաթ, Մարտ 25,  ժամը 18.30-ին One Monte-Carlo շքեղ համալիրի ամփիթատրոնին մէջ տեղի կ՚ունենայ հանդիպում մը, մասնակցութեամբ՝ Երեւանի «Սերգէյ Փարաջանով» թանգարանէն Անահիտ Միքայէլեանի եւ յօրինող, դաշնակահար Միշէլ Պետրոսեանի, «Հայկական բանահիւսութիւնն ու ժողովրդական արուեստը» նիւթին շուրջ։ 

Նոյն երեկոյեան, ժամը 20-ին, նոյն համալիրի Արուեստներու սրահին մէջ ելոյթ կ՚ունենան նշանաւոր հայ երաժիշտներ՝ Կարինէ Բաբաջանեան (սոփրանօ) և Վարդան Մամիկոնեան (դաշնակահար)։

Համերգի ընթացքին կը ներկայացուին Կոմիտասի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Եդուարդ Աբրահամեանի, ինչպէս նաեւ՝ Լուչիանօ Պերիոյի, Ռիշար Շթրաուսի եւ Ռոպերթ Շումանի յօրինումները։

Յաջորդ օր՝ Շաբաթ, Մարտ 26, ժամը 17-ին, Cinéma des Beaux-Arts-ի մէջ կը ցուցադրուի Փարաջանովի «Նռան գոյնը» հռչակաւոր ժապաւէնը։ Սփռումէն առաջ, Մոնաքոյի «Ռենիէ Գ.» ակադեմիայի դաշնակի աշակերտները, որպէս նախերգանք, կը հրամցնեն Արամ Խաչատրեանէն եւ Առնօ Բաբաջանեանէն գործեր։ 

Նոյն օրը, ժամը 19-ին Մոնթէ-Գառլոյի օփերայի «Աթրիոմ»-ին մէջ բացումը կը կատարուի Փարաջանովի նուիրուած ցուցահանդէսին։  

Նոյնպէս Շաբաթ օր, Մարտ 26, ժամը 20-ին Մոնթէ-Գառլոյի օփերայի «Կառնիէ» սրահին մէջ համերգ մը կու տայ Լեւոն Էսքանեանի ղեկավարած «Գիւրջիեւ» համոյթը, մեծ մասամբ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Ժորժ Գիւրջիեւի ստեղծագործութիւններէն բաղկացած յայտագրով մը։ 

Կիրակի, Մարտ 27, ժամը 15-ին «Սփորթինկ» հանդիսութիւններու սրահին մէջ, կը ներկայացուի՝ Մոնթէ-Գառլոյի գարնանային արուեստի փառատօնին պատուէրով՝ Արամ  Յովհաննիսեանի եւ Միշէլ Պետրոսեանի հեղինակած « Sept, les anges de Sinjar » պալէն, Միշէլ Հալէ Եղայեանի խումբին կողմէ։ Պալէ մը, որուն առանցքը կը կազմեն եզիտական, հրէական, արաբական, հայկական եւ պարսկական երաժշտութիւնն ու պարերը։  

Փառատօնի ամբողջական յայտագրին եւ ձեռնարկներու մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու  համար այցելել՝ https://www.printempsdesarts.mc/programme կայքէջը։