Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի հրաւէրով՝ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի առցանց առաջին դասընթացքը 

Կազմակերպութեամբ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբակին, Մարտ 18-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցած է բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ եւ մատենագէտ Յակոբ Չոլաքեանի ներկայացումով «Տառադարձութիւնը արեւմտահայերէնի մէջ» խորագրով առցանց դասընթացքի առաջին բաժինը։

Դասընթացքին մասնակցած են Հայաստանէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն խմբագիրներ եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։