Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ. Թանէր Աքչամի «Սպանութեան հրահանգներ»  հատորին յունարէն հրատարակութեան ներկայացումը

Մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր-էն կը տեղեկանանք, թէ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ «Փափազիսիս» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ, Մարտ 21-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Թանէր Աքչամի «Սպանութեան հրահանգներ» գիրքին յունարէն հրատարակութեան ներկայացումը։ Երեկոյթին մասնակցած է Յունաստանի Կրթութեան փոխնախարար, համալսարանի դասախօս Ակելոս Սիրիղոս։ Վերջինս անդրադարձած է գիրքին մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերուն եւ իթթիհատական պարագլուխներուն կողմէ հրատարակուած գրաւոր հրահանգներուն, որոնք բացայայտ կերպով կ՚ապացուցանեն Հայոց ցեղապանութեան անժխտելիութիւնը եւ փաստացի իրողութիւնը։

Փրոֆ. Աքչամ իր ելոյթին ներկայացուցած է թրքական ժխտողականութեան եւ փաստագրութեան խեղաթիւրման քաղաքականութիւնը, որ օսմանեան պետութիւնը յղացած էր այն օրերէն երբ կը ծրագրէր ի գործ դնել Հայոց եւ Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնները։ Ան յայտնած է, թէ իր աշխատութիւնը կու գայ լրացնելու Արամ Անտոնեանի աշխատանքը եւ Կէրկէրեանի հաւաքածոն, խորազնին ուսումնասիրելով արխիւներ եւ արձանագրութիւններ, վերծանելով թրքական գաղտնածածուկ հեռագրերու պարունակութիւնը, մէկ առ մէկ տապալելով թրքական վարկածները։ 

Աւարտին, փրոֆ. Աքչամ մակագրած է իր գիրքին վաճառուած օրինակները։