Իննամսեայ բանտարկութենէ ետք, Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեան Մարտ 28-ին ազատ արձակուեցաւ։ Անոր նկատմամբ պատիժ սահմանուած է 6 ամիս 18 օր բանտարկութիւն, որ սակայն պայմանականօրէն չկիրարկուեցաւ եւ Առուշանեան դատարանի դահլիճէն ազատ արձակուեցաւ։
Միևնույն ժամանակ, դատարանի որոշումով ան հինգ տարի կը զրկուի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ ղեկավար պաշտօն ստանձնելու իրաւունքէն։ 2021-ի Հոկտեմբերէն 21-էն բանտը գտնուող Առուշանեան յաղթած էր Գորիսի համայնքապետի ընտրութիւններուն։
Ան կը մեղադրուէր ՀՀ քրէական օրէնսգրքի յօդուածներով՝ քուէարկութեան գաղտնիութիւնը խախտելու եւ ընտրական իրաւունքը խոչընդոտելու յանցանքներով։ ■