Մարտ 28-ին, ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույօն։
Հանդիպումին, քննարկման առանցքը կազմած է Ազէրպայճանի զինեալ ուժերու ներխուժման հետևանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ ԱԳ նախարարը անթոյլատրելի համարած է Ազէրպայճանի կողմէ ԼՂ-ի խաղաղ բնակչութեան դէմ շարունակական գրգռութիւններն ու յարձակողական գործողութիւնները, կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներու բնականոն աշխատանքը դիտաւորեալ խափանելու փորձերը։
Միրզոյեան ընդգծած է ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ միջազգային հանրութեան պատշաճ և հասցէական արձագանգին կարեւորութիւնը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ազէրպայճանական զինեալ ուժերու հեռացման։ ■