Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. Լիմոժ քաղաքին մէջ բացուած է «Նուռ» միօրեայ հայկական վարժարանը

Մարտ 19-ին, Լիմոժ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Նուռ միօրեայ հայկական վարժարանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Ներկայ եղած են փոխքաղաքապետ Ռեմի Վիրուլօ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներն եւ վարժարանի աշակերտները։

Դպրոցին մէջ փոքրիկները կը սորվին հայերէն, գրականութիւն, պատմութիւն, պար, երգ, թատրոն, ինչպէս նաեւ անոնք կը մասնակցին գեղանկարչութեան մրցոյթ-փառատօներու։

Բացման արարողութենէն ետք, «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրի Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Սոնա Սիւրեքէն համայնքին ներկայացուցած է Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագրերը՝ «իԳործ», «Հայրենադարձութիւն», «Քայլ դէպի տուն», «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» եւ «Արմաթ» ճարտարագիտական տարրալուծարաններու գործունէութիւնը։ ■