Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան եւ Ալիեւ Ապրիլ 6-ին հանդիպում պիտի ունենան Պրիւսէլի մէջ

Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշէլ Ապրիլ 6-ին, Պրիւսէլի մէջ պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի և Ազէրպայճանի ղեկավարներ Փաշինեանն ու Ալիեւը։

Նշենք, թէ Մարտ 30-ին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պրիւսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազէրպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ։ Հանդիպումը կազմակերպուած էր Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Քլաարի կողմէ։ Լուրը հաղորդուած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքին վրայ։

«Եւրոպական Միութիւնը Պրիւսէլի մէջ կազմակերպեց Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդիպում մը՝ միատեղ ջանքերը յառաջ մղելու եւ գտնելու համար երկու երկիրներու միջև շարք մը հարցերու լուծումները: Քննարկումները մասնաւորապէս կեդրոնացան Միշէլի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ Ապրիլ 6-ին կայանալիք հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն վրայ»,– նշուած է Եւրոպական Միութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։