“Գրող ըլլայի՝ պիտի օգտագործէի կախման կէտերը, գործը միշտ շարունակելու համար”
Պէյրութ ծնած նկարիչ Ասատուր, Իտալիոյ մէջ ուսանելէ յետոյ, 1964-էն ի վեր կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ Փարիզ։ Ան իր գործերը կը ցուցադրէ (սկզբնական թուականներով՝ Մարտ 5-էն մինչեւ Ապրիլ 17) Գերմանիոյ Հակէն քաղաքի Օսթհաուս թանգարանին մէջ՝ Միհրան Տապաղի եւ Քրիսթին Փլաթի նախաձեռնութեամբ։ Ցուցահանդէսը նոր երկարաձգուեցաւ մինչեւ 2022 Մայիս 5։
«Երթուղիներ եւ հետքեր» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կը հրամցնէ արուեստագէտին վերջին շրջանի գործերէն ներկայացուցչական ընտրանի մը, որ անմիջականօրէն առնչուած է անոր՝ անցեալ դարու դասական գործերուն հետ։ Լիզպոնի Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, որուն կը պատկանի Ասատուրի ստեղծագործութիւններու շարքը, մեծահոգաբար աջակցած է այս նախաձեռնութեան:
Պոխումի թանգարանին մէջ 1991-ին տեղի ունեցած յետահայեաց ցուցադրութենէն ետք՝ այս մէկը Ասատուրի ստեղծագործութիւններու երկրորդ մեծագոյն ցուցահանդէսն է Գերմանիոյ մէջ: Հոն ցուցադրուած են շուրջ երկու հարիւր նկարներ, փորագրութիւններ եւ պատկերազարդ գիրքեր։
Նկարիչը 1969 թուականին հաստատուած է Սէն-Ժերմէն-տէ-Փրէ թաղամասը, ուր միշտ շփման մէջ եղած է նկարիչներու, ճարտարապետներու, բանաստեղծներու, հաւաքորդներու, արուեստասէրներու հետ: Նոյն թաղամասին մէջ տեղի ունեցած է անոր փարիզեան առաջին ցուցահանդէսը, որ պսակուած է ճշմարիտ յաջողութեամբ։ Արդարեւ, Սէն-Ժերմէն-տէ-Փրէի բոլոր կերպարները ներկայ եղած են Փոշատ պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած այդ ցուցադրութեան։ Այսպէս, Ասատուր ի սկզբանէ ուշադրութիւն գրաւած է ոչ միայն իր փորագրանկարներով, այլեւ նկարներով։
Այսօր, նկարչին արուեստանոցը կը գտնուի Փարիզի հիւսիսը, յառնող թաղամասի մը մէջ, ուր Սէն-Մարթէնի ջրանցքի երկայնքին բազմած գեղատեսիլ կամուրջներն ու պոհէմական սրճարանները կը կենակցին ժամանակակից տիզայնըրներու նոր խանութներուն հետ: Ան, Ասատուրի վերջին ստեղծագործութիւններու օրրանն է։
Անոր արուեստանոցը լեցուն է լոյսով ու յիշողութիւններով. արուեստագէտին բազմաթիւ ճամբորդութիւններու լուսանկարները ցածրիկ սեղանին վրայ են, հին փորագրանկարները՝ դարակներու մէջ, բազմաթիւ սրբապատկերներ եւ Պուտտաներ բերուած հեռաւոր ճամբորդութիւններէ, տետրակներ, գիրքեր, մանր իրեր, նկարներ ամէնուր, մէջտեղը։ Յաւելեալ՝ դրացիին կատուն, որ հոն՝ ինքզինք կը զգայ իր տան մէջ:
“Ես շատ կոկիկութիւն չեմ սիրեր”,– կ՚ըսէ Ասատուր, “այլ՝ կոկիկ խառնակութիւն”։
“Գործ մը երբեք չէ աւարտած. իմ նկարները կը շարունակեն ապրիլ. եթէ գրող ըլլայի՝ պիտի օգտագործէի կախման կէտերը, զանոնք միշտ շարունակելու համար։ Աշխատանքը միշտ ընթացքի մէջ կը գտնուի… Գիտես ուր կը սկսի, բայց չես գիտեր թէ՝ ո՞ւր կը վերջանայ… Աշխատանքի ընթացքին է, որ կը հաստատես թէ՝ «բան» մը կու գա՞յ, թէ՞ չի գար”,– կ՚աւելցնէ ան ու կը շարունակէ.–
“Իմ բնաբանն է ժամանակի ընթացքը։ Ժամանակի ընթացքը զիս կը ստիպէ հասկնալու որոշ բաներ։ Անցնող ժամանակը զիս կը դառնացնէ, չանցնող ժամանակը կը ձանձրացնէ։ Ժամանակը այնպիսի բան մըն է, որ կրնաս ո՛չ դանդաղեցնել, ո՛չ ալ արագացնել. պէտք է փորձել ապրիլ հո՛ս եւ հիմա՛…”։
– Իսկ կեանքէն յետոյ, բան մը կա՞յ. ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։
– Ինծի համար շատ դժուար է հաւատալը եւ շատ դժուար է չհաւատալը։ (Ուսերը կը թօթուէ. ոչ մէկ պատասխան)։
– Ինչպէ՞ս կ՚երեւակայէք ոչինչը, ի՞նչ գոյն պիտի օգտագործէիք զայն արտայայտելու համար:
– Ան գոյն ունի՞. ինչպէս ջուրը. ջուրը գոյն չունի…։
Դիտելով Ասատուրի ստեղծագործութիւնները՝ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ մաս կը կազմենք ընդարձակ եւ բարդ աշխարհի մը, որ միշտ ալ բարեհոգի չէ, եւ ճակատագրի կախարդանքը միշտ չէ, որ կախեալ է մեզմէ, այլ՝ երբեմն այն հանգամանքներէն, որոնց մէջ մենք կը գտնուինք: Կանդրադառնանք, թէ երբեմն որքա՜ն դժուար է դուրս գալ անկէ՝ մեր ճամբան շարունակելու, մենք զմեզ գտնելու եւ զմեզ ճանչնալու համար: Կը հարցադրուինք այնպիսի՜ կարեւոր բաներու շուրջ, որոնց մասին միշտ չէ, որ ժամանակ կ՚ունենանք մտածելու, տարուած ըլլալով մեր առօրեային հոսանքով:
Այս ցուցահանդէսը հիանալի առիթ է խորասուզուելու նկարչին աշխարհին մէջ, որ նաեւ կ՚առաջնորդէ դէպի դուք՝ ձեզի, իմա՝ ինքզինք, քանի որ իսկական արուեստը դէպի բացարձակութիւն առաջնորդող մի՛ակ ճամբան է:
Այս առիթով Օսթհաուսի թանգարանը հրատարակած է 128 էջէ բաղկացած հոյակապ, հարուստ, պատկերազարդ ցուցակագիրք (catalogue) մը՝ նկարչին ամբողջական կենսագրութեամբ ու մատենագիտութեամբ:
Osthaus Museum,
Museumsplatz 1,
58095 Hagen, Allemagne
www.osthausmuseum.de
ԵՒԱ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆ ■