SOS Chrétiens d’Orient ընկերակցութիւնը իր տարեկան բարեսիրական մեծ ընթրիքին առիթով Ֆրանսա հրաւիրած էր Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկ. Աբրահամեանն ու Մարտակերտիհոգեւոր հովիւ Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեանը, որ Դադիվանքի վանահայրն էր մինչեւ վերջին պատերազմին աւարտը եւ որու անունը անբաժան է հայկական այս անզուգական գանձէն։
Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան Փարիզի La Maison des Polytechniciens-ի մէջ, Մարտ 31-ին, իր բարձր հովանաւորութեան ներքոյ տեղի ունեցած նշեալ ընթրիքին՝ մասնակից 200 նուիրատու հիւրերու ներկայութեան շնորհակալութիւն յայտնած է SOS Chrétiens d’Orient ընկերակցութեան, որ այնքան մօտէն հետաքրքրուած է Արցախով եւ ի մասնաւորի Մարտակերտի շրջանով, որու՝ վերջին պատերազմին վնասուած մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին (ուր կը յաճախէին շուրջ 200 երախաներ, եւ ուր կը ստանային նաեւ հոգեւոր կրթութիւն) վերականգնումը յանձն առած է։
Երեկոյթին ներկայ եղած են բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ինչպէս ի միջի այլոց՝ «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, «Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակ»-ի փոխնախագահ, երեսփոխան Կի Թեսիէ, ծերակուտական Սթեֆան Ռավիէ։ Իսկ ծերակուտական Վալերի Պուայէ, որ կամքէ անկախ պատճառներով չէ կրցած ներկայ ըլլալ, նախորդ օր, Ծերակոյտին մէջ ընդունած է արցախցի հոգեւորականները։
Նշենք, որ SOS Chrétiens d’Orient, լրասփիւռներու հետ բազմաթիւ հանդիպումներ կազմակերպած է Վրթանէս եպիսկոպոսի եւ Յովհաննէս քահանայի համար։ Այսպէսով, անոնք առիթը ունեցած են իրենց անմիջական վկայութիւնը բերելու 44-օրեայ պատերազմէն, ինչպէս նաեւ ահազանգելու Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին։
Այնուհետեւ, Արցախի առաջնորդն ու Մարտակերտի հոգեւոր հովիւը մեկնած են Ֆրանսայի հարաւը։ Ապրիլ 4-ին զիրենք ընդունած է Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային խորհուրդի եւ Էքս-Մարսիլիա-Փրովանս մեթրոփոլի նախագահուհի Մարթին Վասալ։ Այս հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Թեմիս առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ Թեմական խորհուրդի նախագահ Ռոպէր Ազիլազեան։
Արցախցի հոգեւորականները հանդիպումներ ունեցան նաեւ ֆրանսահայ համայնքին հետ՝ Ապրիլ 4-ին Մարսիլիոյ, իսկ Ապրիլ 6-ին Փարիզի մէջ։ ■