Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը այս տարի կը սահմանափակէ «Լոյս»-ի արարողութեան ուխտաւորներու թիւը

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը ոստիկանութեան կարգադրութեան համաձայն չըլլալով՝ լքած է ժողովը

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը յայտարարած է, թէ «Լոյս»-ի արարողութեան պիտի կարենայ մասնակցիլ ընդամէնը հազար ուխտաւոր։ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է այս մասին, նշելով որ՝ պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են ոստիկանութեան հետ, որ տեղեկացուցած է, թէ այդ արտօնուած 1000 ուխտաւորներէն միայն 200-ը պիտի ըլլան Հայեր: Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնած են այս նոր որոշումին եւ հեռացած՝ ժողովէն: Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին հետեւեալ գրառումը կատարած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան.-

«Սուրբ Յարութեան տօնէն առաջ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը ստիպուած է սոյն յայտարարութիւնը հրապարակել` իր հաւատացեալներուն տեղեկացնելու այն սահմանափակումներու մասին, որոնք Իսրայէլի ոստիկանութիւնը կը փորձէ պարտադրել այս տարի:

Ապրիլ 11-ին, Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան “Լոյս”-ի արարողութեան պատասխանատու ոստիկաններուն հետ, որուն ընթացքին վերջիններս տեղեկացուցին, թէ այս տարի ընդամէնը 1000 ուխտաւորի պիտի արտօնուի մասնակցիլ արարողութեան, որոնցմէ միայն 200-ը պիտի ըլլայ հայ: Մեր ներկայացուցիչները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին եղած նոր որոշումին եւ լքեցին ժողովը:

Հայ առաքելական եկեղեցին բացառիկ իրաւունքներ ունի “Լոյս”-ի արարողութեան ընթացքին, որոնք արձանագրուած են սթաթուս քուոյի համաձայնագրին մէջ:

“Լոյս”-ի արարողութիւնը սկսելու համար Հայ եկեղեցւոյ իրաւունքն է բանալ Սուրբ Յարութեան տաճարի դուռը, որուն կը մասնակցին հարիւրաւոր հայ եւ օտար ուխտաւորներ՝ ականատես ըլլալու այդ բացառիկ արարողութեան: Ապա Երուսաղէմի հայ պատրիարքը, կրկին հարիւրաւոր ուխտաւորներու ուղեկցութեամբ, հանդիսաւոր մուտք կը գործէ տաճար, որմէ ետք իր ներկայացուցիչը՝ Երուսաղէմի յոյն պատրիարքին հետ կը մտնէ Սուրբ գերեզման, դուրս բերելու Քրիստոսի Յարութիւնը խորհրդանշող “Լոյս-կրակ”-ը:

Վերոնշեալ իրաւունքները դարերէ ի վեր տարբեր իշխանութիւններու եւ տիրակալներու շրջանին յարգուած են առանց որեւէ սահմանափակման: Ուստի, սոյն յայտարարութեամբ մենք մեր անհամաձայնութիւնը կը յայտնենք Իսրայէլի ոստիկանութեան սահմանափակումներու որոշման դէմ եւ կը պահանջենք, որ այս տարի եւս, նախորդ տարիներու նման, “Լոյս”-ի արարողութիւնը կատարուի առանց հաւատացեալներու թիւի սահմանափակումի:

Իսրայէլի կառավարութիւնը միջազգային պարտաւորութիւն ստանձնած է ապահովելու կրօնական արարողութիւններու ազատութիւնը եւ երաշխաւորելու անոնց անխափան կայացումը: Մեր պահանջն է, որ ոստիկանութիւնը յարգէ այս յաձնառութիւնը եւ չեղեալ նկատէ սահմանափակումներու վերաբերեալ իր որոշումը»: