Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ապրիլ 12-ին Մարտակերտ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է շրջանի վարչակազմի պատասխանատուներու, համայնքներու ղեկավարներու եւ բնակչութեան ներկայացուցիչներու հետ։
Քննարկուած են աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումները եւ այդ համածիրին մէջ Արցախի ռազմաքաղաքական իրավիճակը, անվտանգութեան եւ ընկերային-տնտեսական խնդիրները։
Իր ելոյթին, երկրին ղեկավարը անդրադարձած է վերջերս Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղին եւ Քարագլուխ բարձունքի հատուածին մէջ հակառակորդի գրգռիչ գործողութիւններուն, նշելով թէ՝ ազէրպայճանական կողմի հեռացման համար Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմին հրամանատարութեան հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Միեւնոյն ժամանակ, Արայիկ Յարութիւնեան շեշտած է, որ հակամարտութեան գօտիին մէջ յարաբերական եւ փխրուն խաղաղութեան ապահովումը կարելի է ռուսական խաղաղապահ ուժերուն շնորհիւ, եւ Արցախի ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն համոզումով անոնց ներկայութիւնը պէտք է ըլլայ երաշխաւորուած ու անսահմանափակ, զինուորներու եւ սպառազինութեան համապատասխան յաւելումով։
Նախագահը վերահաստատած է Արցախի իշխանութիւններուն հաւատարմութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ անկախութեան եւ պետականաշինութեան համար պայքարին, եւ ընդգծած, թէ խաղաղապահ զօրակազմի երաշխիքներուն եւ գործունէութեան զուգահեռ՝ կառավարութիւնը շարունակաբար պիտի աշխատի անվտանգութեան ապահովման սեփական գործիքակազմերու եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան համակարգի արդիւնաւէտութեան բարելաւման ուղղութեամբ։
Յարութիւնեան անդրադարձած է նաեւ ուժանիւթի եւ պարէնային անվտանգութեան ապահովման խնդիրներուն եւ նշած, թէ արդէն աշխատանքներ կը տարուին արեգակնային ուժանիւթի զարգացումը, փոքր ջրելեկտրակայաններ, անտառային ու բնական այլ աղբիւրներու եւ հողատարածքներու համաչափ թիւով օգտագործումը ապահովելու ուղղությամբ։ Նախագահը յայտնած է, թէ նախանշուած ծրագրին համաձայն՝ կ՚իրականացուին ենթաշրջանային եւ ներհամայնքային ճանապարհներու բարեկարգման աշխատանքները։
Հանդիպումէն ետք, Արայիկ Յարութիւնեան Մարտակերտի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է քաղաքի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, ուր մասնակցած է Արցախի թեմի եկեղեցիներուն մէջ հնչող միասնական աղօթքին։