Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ըստ Չաւուշօղլուի՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու երրորդ հանդիպումը կրկին տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ

Թուրք նախարարը դժգոհ է հանդիպումներուն երրորդ երկրի մը մէջ կայանալու երեւոյթէն

Ապրիլ 14-ին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու թրքական NTV-ին յայտարարած է, թէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու երրորդ հանդիպումը կրկին տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ։

Չաւուշօղլու Հայաստանէն համարձակ քայլեր կ՚ակնկալէ՝ ակնարկելով, թէ դժգոհ է երրորդ երկրի մէջ հանդիպելու հեռանկարէն։

“Երրորդ երկրի մէջ հանդիպելու ի՞նչ կարիք կայ։ Մէկ կողմէ Հայաստան կը փափաքի յարաբերութիւններու կարգաւորում, սահմաններու բացում, սակայն միւս կողմէ համարձակութիւն չունի հանդիպելու Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ։ Եթէ չենք կրնար մեր երկիրներուն մէջ հանդիպում կազմակերպել, ապա ինչպէ՞ս պիտի այլ հարցերու գծով քայլեր առնենք”,– հարցում ուղղած է Չաւուշօղլու՝ աւելցնելով որ՝ «առաջինը թրքական կողմն է որ առաջարկած է յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումը Երեւան կազմակերպելու»:

Չաւուշօղլուի կարծիքով Հայաստան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ ճնշումի տակ է։ Ըստ անոր՝ ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի հայկական սփիւռքը դէմ է կարգաւորման գործընթացին: ■