Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ատելութիւն՝ փոքր տարիքէն

Թուրք դպրոցականները վարժընթացի հետեւած են բռնագրաւուած Շուշիի մէջ

Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մանկութենէն ատելութիւն կը սերմանեն հայկական ամէն ինչի նկատմամբ։

Քանի մը օր առաջ համացանցի վրայ տեսանիւթ մը տարածուած է, ուր ազերպայճանական մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու մէջ երախաներուն կը սորվեցնեն, որ իրենց գլխաւոր թշնամին Հայն է։

Այդ քաղաքականութեան շրջանակին մէջ թուրք դպրոցականները վարժընթացի հետեւած են բռնագրաւուած հայկական Շուշիի մէջ։ Անոնք նոյնիսկ գիշերած են այնտեղ, հակառակ անոր որ Ազերպայճանի իշխանութիւնը նախօրօք յայտարարած էր, թէ թոյլ կու տայ միայն մէկօրեայ այցելութիւններ։