Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. «1915 Ապրիլ 24 – Հայոց ցեղասպանութիւն» հրապարակի բացումը Նիմ քաղաքին մէջ

Շաբաթ, Ապրիլ 16-ի առաւօտեան, Ֆրանսայի հարաւի Նիմ քաղաքին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ «1915 Ապրիլ 24 – Հայոց ցեղասպանութիւն» հրապարակին։ Հանդիսութեան ներկայ էին, ի շարս բազմաթիւ այլ ընտրեալներու եւ անձնաւորութիւններու՝ Նիմի քաղաքապետ Ժան-Փօլ Ֆուրնիէ, «Նիմի եւ Կառի ֆրանքեւ-հայկական բարեկամական» ընկերակցութեան նախագահ Արմէն Մարտիրոսեան եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան։

Անոնց համար, որոնք ծանօթ են Նիմ քաղաքին, նշենք որ՝ այս հրապարակը կը գտնուի Place du Château-ի եւ Boulevard Gambetta-ի խաչմերուկին: Հրապարակին անունը կրող ցուցատախտակը քօղազերծեց քաղաքապետը, որ իր խօսքը արտասանեց բաւական յուզուած։ Անոր նախորդած տիկին Տոլմաջեան ալ իր ելոյթին մէջ յատկապէս շեշտը դրաւ 1915-ի ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալու հետեւանքներուն վրայ, եզրակացնելով որ՝ ատոնց անժխտելի եւ ամէնէն խօսուն արտայայտութիւններէն եղաւ յատկապէս Արցախեան վերջին պատերազմը, զոր սանձազերծեց Ազերպայճան, Թուրքիոյ քաղաքական եւ ռազմական անմիջական աջակցութեամբ, եւ դրդումով։ Յիշեց Արցախի եւ Հայաստանի գոյութեան սպառնացող այսօր առկայ վտանգը, Ազերպայճանի կողմէ՝ ռազմագերիներու դեռ պատանդ պահուելու, Արցախի հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան ոչնչացուելու պարագաները… Դեսպանուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, որ Հայութեան մութ օրերուն իր դռները բացած է անոր առջեւ, Ցեղասպանութեան ճանաչումին՝ օրէնքի ուժ հաղորդած է 2001-ին, նախագահական հրամանագրով 2019-էն՝ Ապրիլ 24-ը Ցեղասպանութեան ոգեկոչման պաշտօնական օր հռչակած է։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Նիմ քաղաքին, իր այս նախաձեռնութեան համար, նշելով որ՝ ան թէեւ հայաշատ քաղաքներու ցանկին մաս չի կազմեր, բայց եւ այնպէս Հայութեան հետ անոր կապերը կ՚երկարին մինչեւ 11-րդ դար, երբ Կիլիկիոյ թագաւորութենէն Հայեր կապեր հաստատած էին Հարաւային Ֆրանսայի այս քաղաքին հետ։ 

Այս հրապարակին կողքին, բացի ցեղասպանութենէն, 1988-ի երկրաշարժի եւ յաջորդական պատերազմներու զոհերու յիշատակին ալ բացումը կատարուեցաւ խաչքարի մը, կրօնական կարճ արարողութենէ մը ետք։

Աւելցնենք, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահուհի Ֆրանսուազ Տիւմա, որ ներկայ էր արարողութեան, յաջորդ օր թուիթըրի իր հաշիւին կատարած է հետեւեալ գրառումը.- 

«Երէկ, Նիմի մէջ կը մասնակցէի “1915 Ապրիլ 24 – Հայոց ցեղասպանութիւն” հրապարակի եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման յուշարձանի քօղազերծման արարողութեան։ Երբեք պիտի չմոռնանք այն ողբերգութիւնները, որոնց ենթարկուեցաւ դարաւոր այս ժողովուրդը»։ ■