Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վենետիկի Երկամեային հայաստանեան տաղաւարը կը ներկայանայ «Ղարիբ» ծրագրով

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան եւ Մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան պետ Աստղիկ Մարաբեան Ապրիլ 21-էն 23 կը մեկնէին Իտալիա` մասնակցելու Վենետիկի Երկամեայի ժամանակակից արուեստի 59-րդ միջազգային ցուցահանդէսին:

Միջազգային Երկամեան տեղի կ՚ունենայ Ապրիլ 23-էն Նոյեմբեր 27՝ «The Milk of Dreams» խորագրին տակ:

Հայաստանեան տաղաւարը կը ներկայանայ «Ղարիբ» ծրագրով (համադրողներ՝ Անի Տաւիտեան, Ելենա Սորոքինա, արուեստագէտ՝ Անտրիուս Յարութիւնեան):