Ապրիլ 21-ին նախագահ Փութին կը յայտարարէր թէ ռուսական զօրքերուն վերահսկողութեան տակ անցած է Մարիուփոլը՝ ռազմավարական եւ ուքրաինական դիմադրութեան խորհրդանշական քաղաքը։
“Մարիուփոլի ազատագրման աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուած է”,– Հինգշաբթի օր հեռատեսիլէն սփռուած հանդիպման ընթացքին ըսած է Փութին իր Պաշտպանութեան նախարար Շոյկուին։ Ինչ կը վերաբերի ուքրաինացի վերջին մարտիկներուն, որոնք ապաստանած էին Ազովսթալ մետաղագործութեան շրջանին մէջ, Ռուսաստանի նախագահութիւնը վերջապէս որոշած է հրաժարիլ անոնց դէմ ռազմական որեւէ յարձակումէ:
“Արդիւնաբերական այդ գօտիին վրայ առաջարկուող յարձակումը անտեղի կը համարեմ։ Կը հրամայեմ ջնջել զայն”,– յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահը, համոզուած ըլլալով, որ նման յարձակում չափազանց մեծ թիւով կեանք պիտի արժէ, քանի որ նշեալ շրջանը յատկապէս բաղկացած է գետնափորերու հսկայական ցանցերէ: Բայց եւ այնպէս, ան իր նախարարին ըսած է, որ կը փափաքի պաշարել տարածքը։
Արդարեւ, ըստ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարին՝ այս հսկայական արդիւնաբերական տարածքին մէջ դեռ կը գտնուի 2000 ուքրաինացի զինուոր: Վլատիմիր Փութին խոստացած է կեանքը պարգեւել բոլոր անոնց, որոնք կը յանձնուին։ “Անգամ մը եւս առաջարկեցէք բոլոր անոնց, որոնք դեռ վար չեն դրած իրենց զէնքերը, յայտարարեցէք որ՝ ռուսական կողմը կ՚երաշխաւորէ իրենց կեանքը եւ արժանապատիւ վերաբերում”,– հրահանգած է ան։
«Ցեղասպանութիւն ճանչնալ»-ու մրցավազք
Մինչ միջազգային հանրութիւնը, յա՛տկապէս ԱՄՆ-ն ու Եւրոպական Միութիւնը հարիւրմիլիոնաւոր, միլիառաւոր տոլարի, եւրոյի նպաստներ կը հոսեցնեն դէպի Ուքրաինա, սկսած է նաեւ մրցավազք մը «Ուքրաինայի մէջ գործուած ռուսական պատերազմական ոճիրներ»-ը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու։
Այսպէս, օրինակ՝ Լատվիոյ եւ Էստոնիոյ խորհրդարանները ռուսական բանակին Ուքրաինայի մէջ կատարած ռազմական գործողութիւնները ԻՆՔՆԱԲՈՒԽ ԿԵՐՊՈՎ որակած են «ցեղասպանութիւն»։
Բաղդատե՞նք մեր երկա՜ր, յոգնատանջ դատին հետ…