Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ. Չաւուշօղլու «Գորշ գայլեր»-ու նշանով պատասխանած է  հայ ցուցարարներուն

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու Լատին Ամերիկա իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ գացած է նաեւ Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէօ, ուր ներկայ գտնուած է թրքական դեսպանատան բացումին։ 

Արարողութենէն ելքին՝ Չաւուշօղլուի գտնուած կառքին մօտեցած են քանի մը հայ ցուցարարներ եւ հայկական եռագոյներով իրենց բողոքը յայտնած են՝ Ապրիլ 23-ի նախօրեակին անոր այցելութեան դէմ։ 

Զանոնք տեսնելով՝ Չաւուշօղլու անվարան, զուարճացողի տրամադրութեամբ՝ լիրբ ծիծաղ մը դէմքին, ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր»-ը խորհրդանշող ձեռքի շարժումով պատասխանած է, ի մեծ ցնծութիւն թուրք ազգայնական շրջանակներու։

Թուրքիոյ դեսպանը Ուրուկուայի ԱԳՆ կանչուած է

Ուրուկուայի Հայկական խորհուրդի հաղորդած տեղեկութեան համաձայն՝ երկրի Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյին Միւֆթիւօղլու, Չաւուշօղլուի՝ Հայերուն «Գորշ գայլեր»-ու նշանով պատասխանելու վարքէն ետք։ Դեսպանը պէտք է ԱԳՆ ներկայանայ Ապրիլ 25-ին։

Յիշեցնենք, որ Ուրուկուայ աշխարհի մէջ առաջին երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։