Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, Վերսայլի պալատի « Chapelle Royale » շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացառիկ համերգ մը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ «Հայկական երաժշտութեան 1000 տարին» խորագիրը կրող համերգին հնչեցին Բաբաջանեանի, Խաչատրեանի, Սայեաթ-Նովայի, Կոմիտասի, Եկմալեանի եւ շարք մը այլ երգահաններու ստեղծագործութիւնները, հանրածանօթ երաժիշտներ Շուշան Սիրանոսեանի (ջութակ), Աստղիկ Սիրանոսեանի (թաւջութակ), Նաթանաէլ Կուէնի (դաշնակ), Նարեկ Կազազեանի (քանոն) եւ Լեւոն Չատիկեանի (դուդուկ) սքանչելի կատարողութեամբ։
Համերգին ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան, Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչա եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։ Պատուոյ հիւրերու կարգին էին նաեւ Ֆրանսայի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, խորհրդարանականներ, քաղաքապետեր եւ ֆրանսահայ համայնքի ականաւոր ներկայացուցիչներ։
Համերգի աւարտին, դեսպանուհի Տոլմաջեան իր ելոյթին շեշտեց, թէ առաջին անգամ է, որ հայ երաժշտարուեստի գոհարները հայ տաղանդաշատ երաժիշտներու մեկնաբանութեամբ կը հնչեն Վերսայլի պալատին մէջ, որ ինքնին բացառիկ պատմական ու խորհրդանշական իրադարձութիւն մըն է, եւ կը վերահաստատէ հայ ու ֆրանսացի ժողովուրդներու միջեւ անխախտ բարեկամութիւնն ու մշակութային ամուր կապերը։ ■