Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊԵԼՃԻՔԱ. Պրիւսէլի մէջ պղծուած է  Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշակոթողը

Ապրիլ 25-ին, Պրիւսէլի Հանրի Միշօ հրապարակին վրայ զետեղուած Խաչքար-յուշակոթողը վանդալական արարքի ենթարկուած է։ Ինչպէս լուսանկարին մէջ կ՚երեւի, յուշարձանը ներկուած է բոլորիս ծանօթ կարմիր երեք մահիկներով։ Պելճիքայի Հայերու կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ այս վատ արարքը, որ կատարուած է ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման յաջորդ օրը։

Կոմիտէի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.-

«(…) Այս արարքը կրնայ մեկնաբանուիլ միայն որպէս թշնամանքի արտայայտութիւն եւ փորձ՝ վախցնելու ծագումով հայ Պելճիքացիները, որոնց մեծ մասը կը սերի ցեղասպանութեան զոհ դարձած ընտանիքներու հատուկենտ փրկուածներէն։ Ակնյայտօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անոր առնչուող տեղական ու միջազգային ընկերակցութիւններու, այլ երկիրներու տեղական կառավարման մարմիններուն մէջ ընտրուած ծագումով թուրք պաշտօնեաներու խիստ հակահայկական նախապաշարումի ամէնէն տարածուած դրսեւորումն է՝ թէ՛ Պելճիքայի մէջ եւ թէ՛ այլուր: Պղծուած յուշարձանին վրայ ընթեռնլի է նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանին ուղղուած հայհոյախառն անգլերէն արտայայտութիւնը՝ «Fuck Paylan»: Հարկ է նշել, որ Կարօ Փայլան պարբերաբար կը յայտնուի թուրք ազգայնականներու թիրախին։

Յանուն միասին ապրելու եւ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու դէմ թիրախային պայքարի` Պելճիքայի Հայերու կոմիտէն կոչ կ՚ընէ հասարակական ու պետական գործիչներուն, կառավարական մարմիններուն, ընկերակցութիւններուն ի գիտութիւն ընդունիլ ատելութեան հրահրման այս կամայական դրսեւորումը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ Հայերու նկատմամբ ատելութեան նախապաշարումը»։