Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ապրիլ 24-ը՝ միասնութեան օր

Տասնամեակներ, Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը հայութիւնը միացնող ազդակ հանդիսացած է. այսօր սակայն ան դարձած է քաղաքական շահարկումի միջոց, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի տարածքին։ Պատճառը՝ Հայաստանի կառավարութեան՝ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու տրամադրութիւնն է, որ դարձած է հայ հասարակութիւնը բաժնող սահմանագիծ, յատկապէս Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք։ 2009-ին Սերժ Սարգսեանի օրօք ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը Թուրքիոյ հետ մերձեցման ռազմավարական նախաձեռնութիւն էր, կոտրելու համար թուրք-ազերական դաշինքը։ Օրին, այդ նախաձեռնութիւնը բախեցաւ հայկական կարգ մը շրջանակներու ընդդիմութեան, մասնաւորապէս ՀՅԴ-ի, սակայն շատ աւելի մեղմ հակազդեցութեամբ։ Այդպէս էր նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրօք, որ ջատագովն էր Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի հետ առանց նախապայմանի, բանակցութեամբ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման։

Պատմականօրէն, ՀՅԴ-ն եւս, Հայաստանի առաջին անկախութեան շրջանին գտնուած է Թուրքիոյ եւ Պաքուի թուրք Թաթարներու հետ բանակցելու հարկադրանքին տակ։ Անխուսափելի երեւոյթ է՝ իշխանութեան գլուխ գտնուող ուժը ստիպուած է երկրին գերակայ շահերը նկատի առած, երկրի զարգացման համար դրացի սահմանակից երկիրներուն հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու։ Կան արգելակող ազդակներ։ Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւնները թշնամական են, դարաւոր ընդհարումներու, պատերազմի, հայատեացութեան, ցեղասպանական տրամադրութիւններու, հողային յափշտակութեան ու ոտնձգութիւններու, բայց նաեւ մեծ կայսրութիւններու՝ փոքրամասնութիւնները իրարու դէմ լարելու քաղաքականութեան հետեւանքով։

Ներկայ հանգրուանին բանակցիլը անհրաժեշտ է 44-օրեայ պարտութեամբ ազերաթրքական ամէնօրեայ սպառնալիքներու առաջքն առնելու, Հայաստանի շուրջ ստեղծուած հեղձուցիչ շրջափակման օղակը վերացնելու, եւ ռուս-ուքրաինական պատերազմէն օգտուելով Ռուսաստանի դէմ երկրորդ ճակատ բանալու վտանգը կանխելու համար։

Ապրիլ 13-ին, միջազգային հասարակութեան պահանջով՝ Արցախի կարգավիճակի նշաձողի իջեցման մասին վարչապետին կանխազգուշացումը առիթ ստեղծեց խորհրդարանական ընդդիմութեան՝ կառավարութեան Արցախէն հրաժարելու մեկնաբանութեան, որ դժբախտաբար շարունակութիւնն է Փաշինեանի դէմ 2018-էն ի վեր ծաւալած վրէժխնդրական գործողութիւններուն։ Անհասկնալի է մանաւանդ, Սերժ Սարգսեանի հակառակիլը, մինչ ինք եւս 2009-ին դիմած էր Թուրքերու հետ մերձեցման գործընթացի։

Հայաստանի կառավարութիւնը Ռուսաստանի դէմ կիրարկուած պատիժներու տնտեսական հետեւանքներէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու ստիպողութեան տակ կը գտնուի։ Եւրոպական Միութեան ներգրաւումը հայ-ազերական բանակցութեան գործընթացին մէջ ունի տնտեսական եւ քաղաքական դրական ազդակներ, որոնք կրնան ռուսական կողմին՝ շրջափակումով կրած ծանր հետեւանքները մեղմացնել եւ նոր պատերազմի վտանգին առաջքն առնել։

Էրտողան, Թուրքիոյ յաջորդ ընտրութիւններուն իր իշխանութիւնը փրկելու համար, Արեւմուտքի պնդումով, յատկապէս՝ ԱՄՆ-ու, ընդունեց Հայաստանի հետ բանակցային գործընթաց սկսիլ։ Հայ-թրքական մերձեցումի միջոցով ԱՄՆ-ու նպատակն էր ռուսական ազդեցութեան նուազեցումը Հայաստանի վրայէն։ Սակայն, 2022 Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումին առթիւ երկու դէպքեր տեղի ունեցան, որոնք կրնան խանգարել հայ-թրքական մերձեցման գործընթացը. առաջինը՝ նախագահ Պայտընի՝ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առթիւ կատարած յայտարարութիւնը, եւ երկրորդը՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի՝ Ուրուկուայի մէջ «Գորշ գայլեր»-ու ձեռնանշանով՝ հայ ցուցարարներու բողոքին փոխադարձութիւնը, որ արժանացաւ Ուրուկուայի պետական հակազդեցութեան եւ ցոյց տուաւ նախարարին քամահրական, հայատեաց վարքագիծը։

Միաժամանակ, թուրք գործարար եւ բարերար Օսման Քաւալայի՝ Էրտողանի կողմէ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտումը եւս Արեւմուտքի լայնախոհութեան ու արդարադատութեան պահանջներուն հակառակելու քաղաքական նոր ուղեգիծ մը կը մատնանշեն, որ կրնայ իր ժխտական հետեւանքները ունենալ Հայաստանի սահմանագծին վրայ։

Նման բացասական երեւոյթներու առաջքն առնելու համար Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը կը պարտադրէ համազգային միասնական քաղաքական կամք, հեռու կուսակցական ու գաղափարական նեղ շահերէ։

Ժ.Չ. ■