Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ- ԼԻՈՆ. Յարաբերաբար՝ տժգոյն Ապրիլ 24 մը

Ըստ տեղական աղբիւրներու՝ այս տարի, Լիոնի եւ քաղաքին կապուած արուարձաններուն մէջ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման արարողութիւնները բաւական խանգարուած են նոր քաղաքապետ՝ բնապահ Կրեկորի Տուսէի որոշ կարգադրութիւններուն պատճառաւ, որոնք վրդոված են շրջանի հայ համայնքը։ Այլ խօսքով, Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը կարելի չէ եղած նշել սովորական պատշաճ շուքով։

Արդարեւ, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու աւանդութիւններուն, քաղաքապետը մերժած է, օրինակ՝ Լիոնի «ԱՆթոնէն Փոնսէ» հրապարակին վրայ (2-րդ թաղամաս) տեղի ունենալիք արարողութեան համար տրամադրել քաղաքապետութեան ծառայութիւնները՝ անհրաժեշտ հարթակը, ձայնաւորման սարքաւորում, 200 աթոռ. նաեւ՝ արտօնութիւն տուած է ընդամէնը մի՛այն 60 «հրաւիրեալ»-ի ներկայութեան եւ այլն։ 

Ապրիլ 24-ի առաւօտեան, այս պայմաններուն մէջ տեղի ունեցած է նշեալ արարողութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ բոլոր ոճիրներու յուշահամալիրին առջեւ («Անթոնէն Փոնսէ հրապարակ), որուն ի դէպ՝ անձամբ մասնակցած է քաղաքապետը եւ ելոյթ ալ ունեցած է։ Ի շարս քաղաքական այլ ներկայացուցիչներու ճառերուն, քաղաքապետը իր խօսքին մէջ անդրադառնալէ ետք ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան, յանդգնած է ըսել. “Լիոն ռահվիրան եղած է ոգեկոչման արարողութիւններու հաստատման”։ Ապա, ան յայտնած է իր զօրակցութիւնը «բոլոր անոնց որոնք տանջուեցան», եւ իր երախտագիտութիւնը՝ «Ֆրանսայի՝ անոնց ունեցած բոլոր ներդրումներուն համար»։ Տուսէ աւելցուցած է նաեւ որ՝ իր ղեկավարած քաղաքը կ՚աջակցի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին։   

Այս արարողութենէն ետք, ժամը 14.30-ին Լիոնի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է հոգեհանգստեան պատարագ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ 

Այնուհետեւ, ժամը 16-ին, երթ մը տեղի ունեցած է եկեղեցիէն մինչեւ «Անթոնէն Փոնսէ» հրապարակ՝ Յուշահամալիր, մասնակցութեամբ քանի մը հարիւր հոգիի։