Ապրիլ 29-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին յայտարարած է, որ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները պէտք է արդար ըլլան բոլոր երկիրներու համար»,– գրած է minval.az։
“Մենք կ՚աջակցինք Ուքրաինայի հողային ամբողջականութեան, ինչպէս միւս երկիրները, եւ ատիկա բացայայտ կը յայտարարենք՝ ծառի ետեւը չենք թաքնուիր։ Այո՛, մենք չենք ժխտեր, որ լաւ յարաբերութիւններ ունինք Ռուսաստանի հետ։ Միջազգային իրաւունքի սկզբունքները ոչ մէկ ատեն պէտք է խեղաթիւրուին քաղաքական գերակայութեան պատճառով”,– ըսած է Ալիեւ։
Ան նշած է, թէ միջազգային հանրութիւնը արդար վերաբերում չէ ունեցած Ազերպայճանի նկատմամբ՝ մեր «հողային ամբողջականութեան հարցին կապակցութեամբ» (չակերտները՝ մեր կողմէ)։
“Նոյնիսկ ուքրաինական իրադարձութիւններէն առաջ միջազգային հանրութիւնը միշտ շատ բացայայտօրէն աջակցած է Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ հողային ամբողջականութեան։ Բայց մեր պարագային անոր ուղերձը հետեւեալն էր. «Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքեցէ՛ք»։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս հաշտութիւն կնքել «նախայարձակի» (չակերտները՝ մեր կողմէ) հետ, որ «գրաւած է քու հողերը» (չակերտները՝ մերկողմէ)։ Մենք 17 տարիէ ի վեր կը փորձէինք խաղաղութեան հասնիլ, եւ տեսանք, որ ատիկա անկարելի է։ Յետոյ տեսանք հետեւեալը՝ որքան կը փորձէինք խաղաղութեան հասնիլ, այնքան «նախայարձակը» (չակերտները՝ մեր կողմէ) աւելի յարձակողական կը դառնար։ Հայաստան արդէն սկսած էր մեզի սպառնալ նոր պատերազմով. կ՚ըսէին՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է», հիմա ալ կ՚ըսեն՝ «Ղարաբաղը Ազերպայճան է»։ Իսկ ըսողներն ալ նոյն մարդիկն են, որոնք 2019-ին Ղարաբաղը կ՚անուանէին հայկական: Մենք նոր իրողութիւններ ստեղծած ենք մեր ձեռքերով՝ մեր ուժին, մեր ոգիին շնորհիւ”,- ընդգծած է Ալիեւ։