Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ դէմ բացած Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը ընթացքի մէջ է

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոութիւնը դատ բացած էր Թուրքիոյ պետութեան դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը։ 

Արդարեւ, նախ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մէջ բացուած դատի քննութիւնը մերժուած էր եւ ապա Կաթողիկոսարանը դիմած էր Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեան։ Այս վերջինը, մեկնելով իր սկզբունքներէն, թէ իրեն ներկայացող դատական թղթածրարը հարկ էր տուեալ երկրին դատական ատեաններու բոլոր հանգրուանները բոլորած ըլլալ, թելադրած էր թղթածրարը յղել Թուրքիոյ Նախադատ ատեանին։

Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը անհրաժեշտ խորհրդակցութիւններէ ետք, որոշեց դիմել Թուրքիոյ Նախադատ ատեան, այն յստակ համոզումով ու հեռանկարով, որ Թուրքիոյ դատական համակարգին կողմէ դատին մերժումէն ետք ուղղակի պիտի դիմէ դարձեալ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանին։

Յայտնենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ, յիշեալ դատին գծով, Թուրքիոյ Նախադատ ատեանը իր վճիռը արձակեց եւ թղթածրարը այժմ կը գտնուի Վերաքննիչ ատեանին մօտ։

Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն հայ եւ օտար իրաւագէտներ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, մօտէն կը հետեւի դատի իրաւական գործընթացին։ Բնականաբար, մեր ժողովուրդը տեղեակ պիտի պահենք յառաջիկայ զարգացումներուն մասին։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ